2014-09-16 08:23:15

Փարիզի խորհրդաժողովի մասնակիցները Իրաքին աջակցութիւն կը խոստանան


Փարիզի Խորհրդաժողովին մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յայտնեցին, որ օժանդակութիւնը պիտի ներառէ «զինուորական պատշաճ աջակցութիւն»:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ խորհրդաժողովի բացման ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ներկայացուցած վտանգը համաշխարհային հակազդեցութեան կը կարօտի:
Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մահսում, որ Հոլլանտի հետ կը նախագահէր ժողովին, յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը «շուտով» պէտք է ժիհատականները հետապնդէ: «Եթէ միջամտութիւնն ու Իրաքի աջակցութիւնը ուշանայ, ապա Իսլամական պետութիւնը կրնայ յաւելեալ տարածքներ գրաւել եւ անոր ներկայացուցած վտանգը առաւել եւս մեծ պիտի դառնայ»:
Քանի մը ժամ ետք խորհրդաժողովը փակուեցաւ` հրապարակելով միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը յայտնէ, թէ մասնակիցները «յանձնառու են Իրաքի նոր կառավարութեան աջակցելու անոր պայքարին մէջ… անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով, ներառեալ` պատշաճ զինուորական աջակցութեամբ»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ շարք մը արաբական երկիրներ առաջարկած են մասնակցիլ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ կատարուելիք օդային հարուածներուն: Թուրքիա պիտի արտօնէ, որ իր հողերուն վրայ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանները միայն մարդասիրական եւ գումակային գործողութեանց համար օգտագործուին:
Փարիզի խորհրդաժողովի նպատակը դաշինքի անդամ իւրաքանչիւր երկրին դերակատարութեան ճշդումն էր: Առայժմ այդ դաշինքին մաս կազմած են շուրջ 40 երկիրներ, ներառեալ` 10 արաբական երկիրներ` Եգիպտոսը, Իրաքը, Յորդանանը, Լիբանանը, Պահրէյնը, Քուէյթը, Օմանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
Նշենք, որ ամերիկեան օդուժը օգոստոսէն ի վեր Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ 160 յարձակումներ գործած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.