2014-09-16 08:16:37

Թէզէի միաբանութիւնը կը պատրաստուի տօնախմբելու իր հիմնարկութեան 75ամեակը։


՛՛Հարկաւոր է ստեղծել միաբանութիւն մը ուր սրտի բարութիւնը ու պարզութիւնը ըլլան կեդրոնը մեր գործունէութեան՛՛։ Այս բառերով եղբայր Ռոժէ հիմնեց Օգոստոս 1940-ին, ֆրանսայի մէջ, Թէզէի միաբանութիւնը։ 75 տարի ետք միաբանութիւնը կը պատրաստուի 2015-ին բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով տօնախմբելու իր հիմնարկութեան 75ամեակը։ Ներկայիս Թէզէի միաբանութիւնը դարձած է համամիութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոն։
Յառաջիկայ 9-16 օգոստոս 2015-ին ֆրանսայի Թէզէ վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՛՛նոր զօրակցութեան հաւաք՛՛մը, որուն կանչուած են աշխարհի 18-35 տարեկան երիտասարդները։ Միջազգային հաւաքին յայտագիրը կը նախատեսէ աղօթքի պահեր եւ աստուածաշնչական խորհրդածութիւններ, ուսումնաժողովներ զանազան եկեղեցիներու դասախօսներու մասնակցութեամբ։ Միշտ օգոստոս ամսոյն մէջ նախատեսուած են այլ երկու դէպքեր`2-23 օգոստոս 18-29 տարեկան երիտասարդները հրաւիրուած են Աստուծոյ Աւետարանը ճանչցնելու շրջանի բնակիչներուն։ Իսկ 30 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր նախատեսուած է միջազգային գիտաժողով մը եղբայր Ռոժէի կատարած աստուածաբանական ներդրումներուն, որուն պիտի մասնակցին զանազան երկիրներէ ժամանած բողոքական, օրթոտոքս ու կաթողիկէ աստուածաբաններ։
Միշտ 2015-ին յուլիս 5-12 նախատեսուած է խորհրդածութեան շաբաթ մը կրօնաւորական կոչումին մասին, նուիրուած 40 տարեկանէն պակաս երիտասարներուն։ Այդ ժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը`հայր Նիքոլաս։ Նշենք որ Թէզէի միաբանութիւնը վանականութեան ծառին մէկ ճիւղը կը կազմէ։ Ժողովին բնաբանն է ՛՛կրօնաւորական կոչումը այսօր՛՛։
Յիշեցնենք որ Թէզէի միաբանութեան հիմնարկութեան 75ամեակը կը զուգադիպի եղբայր Ռոժէի թէ ծննդեան 100ամեակին, ան աշխարհ եկաւ 12 մայիս 1915-ին, եւ թէ անոր մահուան 10-րդ տարելիցիին հետ, ան վախճանեցաւ 16 օգոստոս 2005-ին անհաւասարակշիռ կնոջ մը ձեռքով որ զինք դաշոյնահարեց երեկոյեան աղօթքին ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.