Սկովտիոյ մէջ անկախութեան հակառակորդները դարձեալ գերազանցած են կողմնակիցները
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ մէջ անոր անկախութեան զօրակցող բնակիչներուն թիւը
դարձեալ 50 առ հարիւրէն նուազած է: Ինչպէս կը վկայեն հասարակական կարծիքի հարցախոյզի
«ԵուԿով» ծառայութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են
11 սեպտեմբերին: Բրիտանիայէն անջատուելու թեր կ՛արտայայտուի սկովտիացիներուն 48 առ հարիւրը,
իսկ դէմ` 52 առ հարիւրը: 7 սեպտեմբերին «ԵուԿով»-ի կատարած եւ «Սանտէյ Թայմզ»-ի կողմէ
հրապարակուած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ անկախութեան աջակցողներուն համեմատութիւնը
51 առ հարիւր է: 7 սեպտեմբերի տուեալներուն հրապարակումէն ետք բրիտանական կառավարութիւնն
ու սկովտիական անկախութեան բոլոր հակառակորդները աշխուժացուցած էին իրենց քարոզարշաւը:
10 սեպտեմբերին Սկովտիա այցելած էին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, Աշխատաւորական
կուսակցութեան ղեկավար Էտ Միլիպանտ եւ Ազատական-ժողովրդավարներու կուսակցութեան ղեկավար,
փոխվարչապետ Նիք Քլեկ: Անոնք կոչ ուղղած էին սկովտիացիներու` չխզելու Անգլիոյ հետ միութիւնը,
որ 307 տարուան պատմութիւն ունի: Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի
ունենայ 18 սեպտեմբերին: