2014-09-15 11:37:41

Գոյժ Գրիգոր Գազանճեանի մահուան։


Սրտի խոր ցաւով կը գուժենք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սուրբ Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ պատրիարքութեան կայքէջի ընդհանուր պատասխանատու` Հայր Վարդան Վրդ Գազանճեանի հօր` 1929-ի ծնունդ Գրիգոր Գազանճեանի մահը, որ պատահեցաւ 14 սեպտեմբերին, Սուրբ Խաչի վերացման տօնին օրը, Քանատայի մէջ։
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին բոլոր հարազատներուն, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած անոր հոգւոյն հանգստեան։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.