2014-09-12 13:18:07

Փակում Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին


Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը սկսաւ 2 սեպտեմբեր 2014-ին, կաթողիկոսական աթոռին մօտ, Զմմառու վանքին մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, եւ աւարտեցաւ 10 սեպտեմբերին:
Պատրիարքական սիւնհոդոսին անդամներ են հետեւեալ թեմերու եւ վիճակներու առաջնորդները: Լիբանան, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Կ. Պոլիս, Հալէպ, Բարձր Ճեզիրէ, Իրաք, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա եւ Արեւմտեան Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Արժանթին եւ Լատին Ամերիկա, Յունաստան, Դամասկոս, Երուսաղէմ եւ Յորդանան, ինչպէս նաեւ Զմմառեան միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդը:
Օրակարգի վրայ էին ուսումնասիրուելիք հետեւեալ նիւթերը.
– Սիւնհոդոսական հայրերը գոհունակութիւն յայտնեցին, որ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ընդառաջելով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին միահամուռ բաղձանքին, եւ նկատի առնելով սերտ կապերը եւ հաւատքի միութիւնը, որոնք կը միացնեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ կաթողիկէ աշխարհին հետ, յատուկ նամակով խնդրեց Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետէն` մատուցումը, հայ ծէսի ամբողջական շքեղութեամբ, հայրապետական պատարագի մը, Ս. Պետրոսի աշխարհահռչակ տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ֆրանչիսկոս սրբազան պապին, արժանաւորապէս ոգեկոչելու համար յիշատակը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն` միանգամայն պահանջելով աշխարհի պետութիւններէն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն մարդկային արդարութիւն եւ ներկայ թուրք իշխանութիւններէն Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում:
Սրբազան քահանայապետը սիրով ընդառաջած է ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ խնդրանքին: Հետեւաբար հայրապետական սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի 12 ապրիլ 2015-ին, յիշեալ տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ եւ այլ եկեղեցիներու նուիրապետական պետերու, եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու, եւ հայ ու օտար հաւատացեալներու բազմութեան:
Այս առնչութեամբ, սիւնհոդոսական հայրերը կոչ կ՛ուղղեն մեր ժողովուրդին յոյժ սիրելի բոլոր զաւակներուն, որ մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերեն սոյն հանդիսաւոր եւ պատմական արարողութեան: Այս ուղղութեամբ կազմուած է յատուկ պատրիարքական յանձնախումբ մը, որ ստանձնած է այս դէպքին ծանօթացումը հանրութեան եւ կազմակերպումը ուխտաւորներու ուղեւորութեան:
– Դարձեալ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ոգեկոչման ծիրին մէջ, յատուկ ջանք կը թափուի մեր նահատակներուն երանացման դատով զբաղող յանձնախումբին կողմէ, յառաջացնելու համար անոնց դատը եւ արագացնելու գործուղին, որ պիտի յանգի անոնց երանացման հանդիսակատարումին Ընդհանրական եկեղեցւոյ կողմէ:
– Ս. Գրիգոր Նարեկացիի` Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելուն ուղիով, հետզհետէ յառաջ կը տարուի, մէկ կողմէն, մեր սուրբին բոլոր գրութիւններուն եւրոպական լեզուով ամբողջական թարգմանութիւնը, որ սկսած է արդէն տարիներ առաջ, եւ միւս կողմէն, զարգացումը համապատասխան աշխատանքներուն պատկան իշխանութիւններուն մօտ:
– Հայրերը գոհունակութեամբ ողջունեցին սրբազան պապին հանդիպումները Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ` ամրապնդելով միութենական կապերը Հռոմի սուրբ աթոռին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ:
– Պատրիարքական զանազան յանձնախումբերը հերթաբար տուին իրենց զեկուցումները իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին` կանոնական, ծիսական, հովւական, համամիութենական, սուրբերու դատին եւ հաղորդամիջոցներու եւ ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերող:
– Մասնաւոր կերպով խօսուեցաւ միակերպ ծիսակատարումի անհրաժեշտութեան եւ տեղական լեզուներու գործածութեան կարելիութեան մասին կարգ մը երկիրներու մէջ` պատարագի եւ սուրբ խորհուրդներու մատակարարման ընթացքին: Իսկ հաղորդամիջոցներու ծիրին մէջ, գոհունակութեամբ ողջունուեցաւ հայալեզու հաղորդումներու հաստատումը Վատիկանի «Թելէ-Փաչէ» հեռատեսիլի կայանին վրայ` շաբաթական վեց ժամ հերթականութեամբ:
– Աչքէ անցուեցաւ մեր բոլոր թեմերուն վիճակը զանազան մարզերու մէջ, ըլլայ հոգեւոր թէ հովուական կամ վարչական, իւրաքանչիւր առաջնորդին կողմէ ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ, եւ նկատի առնուեցան ապագայի հեռանկարները այդ բոլոր կէտերուն վերաբերեալ: Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ երիտասարդ սերունդներու քրիստոնէական եւ ազգային գիտակցութիւնն ու կենցաղը պահպանելու եւ զարգացնելու կարեւորութեան վրայ:
– Վերջապէս, հայրերը խոր մտահոգութեամբ հետեւեցան Միջին Արեւելքի վերաբերեալ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, սոյն երկիրներու մեր հովիւներուն կողմէ, յատկապէս Պաղտատի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քեսապի մասին, ուր կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ` անհանդուրժելի դառնալու աստիճան: Աչքէ անցուցին զանազան կարելիութիւնները` ամոքելու համար, որքան որ կարելի է, մեր այդ տառապեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ցաւերը եւ յոյս ներշնչելու անոնց` ապագայի բարելաւումի մը մասին:
Նմանապէս, բաժնելով Լիբանանի բոլոր քաղաքացիներուն անձկութիւնը չորս ամիսէ ի վեր նախագահէ մը զուրկ մնալու անբնական եւ աղիտաբեր երեւոյթին պատճառով, հայրերը յոյս կը յայտնեն, որ քաղաքական պատասխանատուները, մէկդի դրած իրենց հատուածական եւ անձնական նախասիրութիւնները, այս երկիրը օժտեն պետով մը, որ ձեռք առնէ երկրին ղեկը եւ վերջ դնէ այս քաոսային վիճակին, որ բոլոր մարզերուն մէջ հսկայ վնասներ կը հասցնէ այս երկրին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ







All the contents on this site are copyrighted ©.