2014-09-12 09:49:35

Ուքրանիոյ Յոյն - Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու կոչը խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր


Ուքրանիոյ Յոյն - Կաթողիկէ եպիսկոպոսները, Լվովին մէջ ժողով գումարելով, մաղթանք յայտնած են որ նախաձեռնուի հրադադարը եւ միջազգային հասարակութենէն խնդրած են վերջ դնել եղբայրասպան պատերազմին։
Եպիսկոպոսները իրենց այս կոչով Եւրոպայի նախագահներէն խնդրած են վերջ տալ անմեղներու արիւնահոսութեան ու վերահաստատել խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Յայտնենք որ Ուքրանիոյ Յոյն-Կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան տասը տոկոսը եւ անոնք մասնաւորապէս կեդրոնացած են երկրին արեւմուտքը։
Սփիւռքի մէջ կ`ապրին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն ուքրանացի մասնաւորապէս Աուստրալիա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Եւրոպայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.