2014-09-11 13:37:57

Ֆրանչիսկոս Քահանայապտետի 11 սեպտեմբերին քարոզը ''Սիրեցէք ձեր թշնամիները''։


Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը ուր Սուրբ Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուս կը մատնանշէ սիրոյ անսահման ուղեւորութեան ըսաւ` ''Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ աղօթել անոնց համար որոնք մեզի չարիք կը հասցնեն'', շեշտը դնելով Յիսուսի արտասանած բառերուն վրայ. ''Սիրեցէք, բարիք ըրէք, օրհնեցէք, եւ աղօթեցէք եւ մի մերժէք''։
''Անձնուիրումն ու սրտի նուիրումը անոնց որ մեր թշնամիներն են ու մեզի կը հակառակին'' կը ներկայացնէ Աւետարանի նորութիւնը որ դժուար է յառաջ տանիլ – յայտնեց Քահանայապետը ու աւելցուց - Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ըլլալ Իրեն նման ողորմած ու ընթանալ Իրեն ճանապարհով, մինչեւ վերջ։
Քրիստոնէական կեանքը սիրոյ կեանք է, անձնասէր կեանք մը չէ, նուիրում է'' հաստատեց Քահանայապետը մատնանշելով, թէ ''Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ ըլլալ ողորմած, չի դատել ուրիշները'' ու կը խնդրէ ''ներել որպէսզի մեր կարգին ներում ընդունինք''։
Քարոզը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՝՝Յիսուս աշխարհ եկաւ եւ այսպէս ըրաւ` ներեց բոլորին, չդատապարտեց եւ չզրպարտեց ոչ մէկը։
Քրիստոնեայ ըլլալ դիւրին չէ ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ կրնանք Քրիստոնեայ ըլլալ միայն Աստուծոյ շնորհքով եւ աղօթքներով որ կատարելու ենք ամէն օր։ Տէր տուր մեզի շնորհքը ըլլալու բարի քրիստոնեաներ։ Խնդրենք Տիրոջմէ այս շնորհքը. Հասկնալ թէ ի՞նչ ըսել է քրիստոնեայ ըլլալ ու դառնալ իսկական քրիստոնեաներ, որովհետեւ մենք միայնակ անկարող ենք այս քայլը կատարելու''։







All the contents on this site are copyrighted ©.