2014-09-11 15:17:52

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Թունիզի Հանրապետութեան նախագահին հետ։


Հինգշաբթի 11 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թունիզի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Մոհամմէտ Մոնսէֆ Մարզուքին ու անոր ընկերացող շքախումբը, որմէ ետք ընդունեց Կինէի եւ Մալիի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Սանթօ Կանճեմին։ Ժամը 11,15-ին Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Քոնկոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ ու ապա ընդունեց Արժանթինի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Էմիլ Փօլ Թշերրիկը։
Թունիզի նախագահ Մարզուքի, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտգործ նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիին հետ։
Վերոյիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկուեցան խաղաղութեան զարգացման հետ առնչուող հարցեր , միջկրօնական երկխօսութեան ու մարդկային իրաւունքներու ու յատկապէս խղճի ազատութեան պաշտպանութեան եւ կրօնային ազատութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ դատապարտուեցաւ ծայրայեղականութիւնն ու բռնութիւնները։
Հանդիպումի ընթացքին յայտնաբերուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնարարութիւնը ընկերային, առողջապահական եւ դաստիարակչկան մարզերէն ներս՝ ի սպաս քաղաքացիներու ծառայութեան, յատկապէս կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն։
Թունիզի եւ Վատիկանի դիւանգէտները քննարկեցին նաեւ միջազգային եւ շրջանային հարցեր յատկապէս անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ կացութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.