2014-09-11 15:07:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 25 նոյեմբերին կ՛ այցելէ Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանը


Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբերին, Վատիանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ընդառաջելով Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի հրաւէրին, յառաջիկայ 25 նոյեմբերին, պիտի այցելէ Եւրոպայի խորհդարանը ճառ մը ուղղելով խորհրդարանականներուն։ Սոյն լուրը հաղորդած էր այս առաւօտ` (11/9) Եւրոխորհրդարանի նախագահ` Մարդին Շուլցը։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սթրազպուրկ կատարելիք այս այցելութիւնը կը դասուի Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւններու ծիրէն ներս, յատկապէս մատնանշելու Եւրոպայի Քրիստոնէական արմատները եւ միջկրօնական համագործակցութեան կարեւորութիւնն ու կարելիութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.