2014-09-11 09:17:53

Քոնկոյի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները Սուրբ Պետրոսի յաջորդին


11 – 15 սեպտեմբեր, Քոնկոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսները կը ժամանեն Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Քոնկոյի հանրավարական հանրապետութիւնը որ անկախութիւնը ստացած է 30 յունիս 1960-ին, ունի 342,000 քմ քառակուսի տարածք եւ 2.950 հազարէ աւելի բնակչութիւն, որուն 82 առ հարիւրը քրիստոնեայ են եւ 52 առ հարիւրը կաթողիկէ։
Քոնկոյի Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է 47 թեմերէ, բաժնուած 6 Եկեղեցական մարզերու։
Քոնկոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Նիքոլաս Տժոմօ Լոլա։ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը ունի 12 եպիսկոպոսական յանձնախումբ։Քոնկոյի եկեղեցին հարուստ է քահանայական կոչումներով եւ աշխարհականներու աշխուժ գործունէութեամբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս։
Եկեղեցին ունի աւելի քան 4 հազար թեմական քահանաներ եւ 11 հազար կրօնաւոր – կրօնաւորուհիներ իրենց 170 հաստատութիւններով։ Ասոնց կից բազմաթիւ կրօնուսույցներ որոնք կ՛աշխատին համագործակցաբար իրենց ժողովրդապետներուն հետ ։
Քոնկոյի Եկեղեցին ունի նաեւ 34 ռատիոկայան եւ 8 հեռուստակայան մինչ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ունի իր իւրայատուկ եւ յարատեւ նորոգուած կայքէջը։
Քոնկոյի Եպիսկոպոսները միշտ ուշադիր են երկրին քաղաքա-ընկերային հարցերուն եւ իրենց սատարը կու տան Քոնկոլացիներուն դաստիարակելով խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.