2014-09-11 08:58:26

Ռայի Պատրիարք. «Արեւելքը Քրիստոնեաներուն բնօրրանն է եւ անոնք փոքրամասնութիւններ չեն»


Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող Համայն արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ պատրիարքական խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Արեւելքը քրիստոնեաներուն բնօրրանն է` աւելցնելով սակայն, որ այսօր անոնց գոյութիւնը այդ շրջանին մէջ ջնջուելու ենթակայ է` նկատի ունենալով անոնց դէմ գործուած բռնաճնշումները:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ գործուած այս բռնարարքները մարդկութեան դէմ արձանագրուած ոճիր կը նկատուին` աւելցնելով, որ նախ եւ առաջ արաբական եւ իսլամական աշխարհը, իսկ երկրորդ հերթին Արեւմուտքը պէտք է գիտնան, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւններ չեն, այլ` շրջանին հիմնական բնակիչները, որոնք երկու հազար տարիէ ի վեր կան` Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ:
«Քրիստոնեաներն են, որոնք կառուցած են այդ պետութիւնները` առեւտրական, տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ հոգեւոր առումով, հետեւաբար մենք փոքրամասնութիւններ չենք: Ամբողջ աշխարհը ստիպուած է կասեցնելու այս արշաւը եւ ահաբեկչական այս կազմակերպութիւններուն ֆինանսաւորումն ու զօրակցութիւնը կասեցնելու միջոցներ որդեգրելու», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.