2014-09-11 09:04:38

ԱՄՆի եպիսկոպոսներու ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Երկիր եւ Անգլիոյ եպիսկոպոսներուն մամլոյ ասուլիսը Եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։


Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերին սկիզբ կ`առնէ ԱՄՆի 18 եպիսկոպոսներու ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Երկիր, ուր պիտի այցելեն այն վայրերը ուր Յիսուս ապրեցաւ եւ մասնաւորապէս պիտի աղօթեն Ս. Երկրի խաղաղութեան համար։
ԱՄՆի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն մարմնի նախագահը գերապայծառ Ռիչարտ Փաթէս` ուխտագնացութեան նախաձեռնողը ըսաւ. ''աւելի քան երբեք կարիքը կայ աղօթելու Ս. Երկրի խաղաղութեան համար''։
ԱՄՆի 18 եպիսկոպոսները յաջորդաբար պիտի այցելեն Երուսաղէմը, Նազարէթը եւ Բեթղեհէմը։ Եօթը օրուայ իրենց կեցութեան ընթացքին անոնք մտադիր են հանդիպիլ նաեւ Կազայի ժողովրդապետ հայր Եորկէ Հէրնանտէզին հետ, որ անցեալ 29 Օգոստոսին հանդիպում ունեցած էր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


Անգլիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի մամլոյ ասուլիսը Եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։

Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11.00 ին, Լոնտոնի մէջ, Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գրասենակին մէջ, տեղի կ՝ունենայ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին կը ներկայացուին Եկեղեցւոյ գործունէութիւնները ու յատկապէս՝ հաւատացեալներու անդամակցութիւնը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ժողովրդապետութիւններու թիւի աճումը, Ֆրանչիսկոս Պապը որպէս տիպար եւ աւետարանցումը ընտանքին սիրտին մէջ։։
Մամլոյ ասուլիսին կը զրուցէ Անգլիոյ եպիկոպոսաց դասի կրօնուսուցումի եւ աւետարանացումի յանձնախումբի նախագահ` Գերապայծառ Քիէրան Քոնրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.