2014-09-10 11:44:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին Մայր է եւ ողորմածութիւն կ՛ուսուցանէ''։


Չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Նախ քան ունկնդրութիւնը Սրբազան Հայրը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներուն հետ որոնք Հռոմ ժամանած էին հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ։
Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար որպէսզի ''կարենայ յառաջ երթալ իր աշխատանքին մէջ''։ Ան ապա վստահեցնելով իր փոխադարձ աղօթքները հրաւիրեց ներկաները միսանաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը։
Հիւանդներու հետ հանդիպումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ եւ հրապարակի շրջանը կատարելէ ու հոծ բազամութիւնը ողջունելէ ետք բարձրացաւ կեդրոնական ամպիոն, ուրտեղէն արտասանեց օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացած Եկեղեցւոյ Մայրութեան վրայ որպէս ''ողորմածութեան դաստիարակ''։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր` ըսաւ Քահանայապետը, այսօր կ՛ուզեմ ընդգծել թէ ինչպէս Մայր Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ բարեգթութիւնը։
Լաւ մանկավարժ մը կը կեդրոնանայ հիմնականին վրայ եւ Աւետարանի համար հիմնականը ողորմութիւնն է։
Եկեղեցին կը գործէ Յիսուսի նման` կը դաստիարակէ ոչ թէ խօսքով այլ նախ եւ առաջ գործերով ու խօսքերը կը ծառայեն այդ գործերուն իմաստը բացատրելու։
Յիսուս բացայայտօրէն ըսաւ ` եղէք ողորմած, ինչպէս ձեր երկնային Հայրը ողորմած է'' (Ղուկ 6, 36)։Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ կերակրել անօթին, յագեցնել ծարաւը, խնամել հիւանդներն ու աղքատները, մօտիկ ըլլալ կարեկցողին, ու այս կ՛ընէ սուրբերու օրինակելի կեանքի միջոցաւ ինչպէս նաեւ այն այրերուն եւ կիներուն միջոցաւ որոնք ամէն օր կը գործադրեն ողորմութիւնը։
Մայր Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ հիւանդին ու բանտարկեալին մօտ։ Ողորմութիւնը կը գերազանցէ ամէն պատնէշ ու քեզ կը մղէ փնտռելու մարդուն դիմագիծը։ ''Ողորմութիւնը կը բարեփոխէ սիրտն ու կեանքը եւ կը վերածնի անձը'', հաստատեց Քահանայապետը ու ապա շեշտեց թէ ''Եկեղեցին Մայր է ու իր զաւակներուն կը սորվեցնէ ողորմութիւնը։ Սակայն բաւարար չէ սիրել անոնք որ մեզ կը սիրեն եւ ոչ ալ բարիք ընել անոնց որ մեզի բարիք կ՛ընեն։ Աշխարհը փոխելու համար պէտք է բարիք ընել անոնց որ կարողութիւնը չունին փոխարինելու բարիքը, այնպէս ինչպէս ըրաւ մեր Հայրը մեզի շնորհելով Յիսուսը։
''Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ որ մեզի տուաւ շնորհքը ունենալու Եկեղեցին որպէս Մայր, որ մեզի կը սորվեցնէ ողորմածութեան ճանապարհը որ է կեանքի ճանապարհ'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեաները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեաներուն անոնց յանձնարարելով միշտ դիմել Աստուածամօր ու զայն առնել որպէս կեանքի օրինակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.