2014-09-10 11:49:16

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գնահատեց Արեւելքի Քրիստոնեաներու հաւատարմութիւնը։


Չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2014-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, խօսքը ուղղելով Արեւելքի Քրիստոնեայ ուխտաւորներուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Եկեղեցին ողորմութեան ուսուցիչ է, ատելութիւնը կը դիմագրաւէ սիրով, բռնութիւնը կը յաղթահարէ ներումով, զէնքերուն կը պատասխանէ աղօթքով''։ Ան ապա գնահատելով քրիստոնեաներու հաւատարմութիւնը Աւետարանին ըսաւ ''Տէրը թող վարձատրէ ձեր հաւատարմութիւնը ու ձեզ օրհնէ ու ձեզի ըլլայ միշտ պահապան''։







All the contents on this site are copyrighted ©.