2014-09-10 10:10:48

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը 2-էն 11 սեպտեմբեր


Նախագահութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, բացումը կատարուեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Ս. պատարագով՝ Երեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2014ին, կաթողիկոսական աթոռին մօտ, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, մասնակցութեամբ սիւնհոդական հայրերուն:
Նիստերը պիտի տեւեն մինչեւ 11 Սեպտեմբեր:
Ներկայ են հետեւեալ թեմերու եւ վիճակներու առաջնորդները՝ Լիբանան, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Կ. Պոլիս, Հալէպ, Բարձր Ճեզիրէ, Իրաք, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Լատին Ամերիկա, Յունաստան, Դամասկոս, Երուսաղէմ եւ Յորդանան եւ Կ. Պոլսոյ առաքելական կառավարիչը, ինչպէս նաեւ Զմմառեան միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդը:
Ժողովին աշխատանքները, բացի ընթացիկ հարցերէն, որոնք կը վերաբերին եկեղեցւոյ հոգեւոր, հովուական ու ընկերային այլազան հարցերուն, կը կեդրոնանան հետեւեալ կարեւոր նիւթերուն վրայ.
– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ծիրին մէջ իրագործուած եւ իրագործուելիք նախաձեռնութիւններ, ըլլայ համայնքային թէ համահայկական մակարդակով:
– Մեծ Եղեռնի 100ամեակի ծիրին մէջ, Հռոմի Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ մատուցուելիք հայրապետական Ս. պատարագ, 12 Ապրիլ 2015ին՝ նախագահութեամբ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս սրբազան պապին:
– Ցեղասպանութեան նահատակներու երանացման համար անմիջական պատրաստութիւններ՝ կատարուելիք հանդիսութեան:
– Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացում՝ առաւել թափով, ի մասնաւորի մամուլի, պատկերասփիւռի եւ համացանցի աշխուժացումով:
– Քահանայական կոչումներու հրատապ հարցը հետզհետէ աւելի ազդու միջոցներով ու անձնակազմով օժտելու անհրաժեշտութիւնը:
– Մեր կրօնական միաբանութիւններուն եւ դպրեվանքերուն վերաբերեալ հարցերու ուսումնասիրութիւն եւ ապագայի հեռանկարներ:
– Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերը միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ. իրականութիւն եւ հեռանկարներ:
– Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելուն հայող նախաքայլերուն գծով Նարեկացիին ամբողջական գործերուն թարգմանութիւնը յառաջ կը տարուի:
– Մեր երիտասարդներուն մասնակցութիւնը «Միջազգային երիտասարդութեան օրեր»ուն, սրբազան պապին ներկայութեամբ, 2016ին Քրաքովիոյ մէջ:
– Հայ կաթողիկէ թեմերուն վերաբերեալ տրուելիք որոշումներ:
Սիւնհոդոսի հայրերը, բաժնելով համայն աշխարհի եւ յատկապէս քրիստոնեայ եկեղեցիներու մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ հետզհետէ աճող հակաքրիստոնեայ հրէշային արշաւին դիմաց, կ՛ուզեն զօրակցիլ եւ միացնել իրենց ջանքերը բոլոր պետական թէ կրօնական հաստատութիւններուն առած եւ առնելիք քայլերուն՝ այդ տառապեալ ժողովուրդներուն չարչարանքները թեթեւցնելու եւ դարմանելու համար: Իրենց մտահոգութիւնը կ՛երթայ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդին զաւակներուն, որոնք անգամ մը եւս աքսորի ճամբան բռնած, գաղթական դարձած են՝ յաճախ ողբալի կացութեան մատնուելով: Մեր բոլոր թեմերը իրենց կարելին կը շարունակեն ընել այդ դժբախտ բազմութիւններուն օգնութեան հասնելու համար:
Վերջապէս, հայրերը վճռականօրէն կը դատապարտեն բոլոր այն ոճիրները, որոնք կը գործուին Աստուծոյ անունով, Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, խեղաթիւրելով կրօնին նշանակութիւնն ու կոչումը, որ եղած է սէր եւ խաղաղութիւն քարոզելու եւ սփռելու համար աշխարհի վրայ: Կ՛աղօթեն, որ այս անհանդուրժելի կացութիւնը օր առաջ վերջ գտնէ եւ Միջին Արեւելքը վերագտնէ խաղաղ ու ապահով օրեր:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ
ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.