2014-09-09 12:06:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը. ''Յիսուս մօտիկ է մարդոց ու կը բարեխօսէ մեզի համար'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


Երեքշաբթի 9 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց ''St. Peter’s Cricket Club'' ակումբի անդամներուն։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ ակումբը կազմուած է Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի աջակցութեամբ, քահանայապետական զանազան համալսարաններու քահանաներէ եւ նորընծաներէ, որոնք յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին պիտի մրցակցին Անգլիոյ Եկեղեցւոյ '' Cricket'' ի խումբին հետ։
Մինչ առաւօտեան կանուխ` ժամը 7-ին, սովորութեան համաձայն, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը մատոյց սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը անդրադարձաւ Յիսուսի կեանքի երեք հանգրուաններուն մասին որոնց առաջինը աղօթքը։ Յիսուս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մեզի համար կ՛աղօթէ։ Ան մեր բարեխօսն է Աստուծոյ առջեւ, Ինք որ աշխարհ եկաւ մեզի շնորհելու փրկութիւնը։ Խոր աղօթքէն ետք Յիսուս ընտրեց իր 12 աշակերտները։ Յիսուսի կեանքի հանգրուաններէն երկրորդը։ Յիսուսն է որ կ՛ընտրէ, մենք ընտրուած ենք Անորմէ ս. մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ։ Մենք Քրիստոնեաներս ընտրեալներ ենք։ Յիսուս կը սիրէ եւ կ՛ընտրէ սիրով։ Չի նայիր մեր անարժանութեան, այլ կ՛ընտրէ մեղաւորները եւ ասոր համար ժողովարանի քահանայապետներէն կ՛ամբաստանուի որովհետեւ ''կերակուր կ՛ուտէր մեղաւորներուն հետ....''։
Յիսուս մարդոց մօտիկ է միշտ – ըսաւ ապա Քահանայապետը – Յիսուս ժողովուրդին մէջ կը գտնուի, դասախօս մը չէ որ ամպիոնէն կը խօսի։ Ո՛չ։ Ան ժողովուրդին մէջ կը գտնուի, եւ թոյլ կու տայ որ մարդիկ մօտենան Իրեն ու դպչին իրեն վերակուին։
''Այս է ահա մեր Տէրը, մեր վարդապետը` մէկ մը որ կ՛աղօթէ, մէկ մը որ կ՛ընտրէ եւ չամչնար մարդոց մէջ ըլլալէ։ Անոր յանձնուինք որովհետեւ Ան մեզի համար կ՛աղօթէ, մեզ ընտրած է ու մեզի կ՛ընկերակցի'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.