2014-09-09 09:29:00

Եւրոպական միութիւնը յաւելեալ պատճամիջոցներ տնօրինեց հարուածելու Ռուսիոյ տնտեսութինը


Եւրոպական միութիւնը յաւելեալ պատճամիջոցներ տնօրինեց հարուածելու Ռուսիոյ
տնտեսութինը, բայց՝ դեռ յայտնի չէ թուկանանը երբ ի զօրու պիտի ըլլան։
ԵԱՀԿ-ի գործող ղեկավար եւ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր յայտնած է, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի վերահսկողութիւն պիտի գործադրուի մեքանիզմի մը միջոցով, որ մշակուած է ԵԱՀԿ-ի կողմէ:
«Այս պահուս կը քննարկուի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու տրամադրման կարելիութիւնը, որ անհրաժեշտ է վերահսկում կատարելու համար», ըսած է Պուրքհալթեր:
Ան նաեւ յայտնած է, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին առաքելութիւնը Ուքրանիոյ արեւելք ուղարկած է 59 մասնագէտներ, որոնք զինադադարի դրութեան հսկողութեան փորձառութիւն ունին:
Մինսքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ Քիեւի, Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ներկայացուցիչները արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն ստորագրած էին։







All the contents on this site are copyrighted ©.