2014-09-09 09:46:57

25 նոր ժողովրդապետութիւններու բացում Հարաւային Սուտանի Ժուպայի արքեպիսկոպոսական թեմին մէջ։


Ժուպայի թեմի օգնական եպիսկոպոսը կոչ ըրած է հաւատացեալներուն սատարելու նոր 25 ժողովրդապետութիւններու բացման եւ հրաւիրած է միսիոնարները արիութեամբ յառաջ տանելու իրենց առաքելութիւնը, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներուն։
Յայտնենք որ Հարաւային Սուտանը ամիսներէ ի վեր ենթակայ է քաղաքացիական զինեալ ընդհարումի, որուն հետեւանքով երկրի մէջ կը տիրէ անիշխանութիւն ու սով







All the contents on this site are copyrighted ©.