2014-09-08 14:35:25

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրերը ի լուր Պուրունտիի մէջ երեք մայրապետներու սպաննութեան։


Երկուշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2014-ին, ի լուր Պուրունտիի մէջ, Կիրակի, 7 սեպտեմբեր 2014-ին, տեղի ունեցած, երեք մայրապետներու վայրագ սպաննութեան, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինը, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցական երկու հեռագիրեր ուղղած է` մէկը ''Սավերեան Միսիոնարներու'' միաբանութեան մեծաւորուհիին` Մայր Ինէս Ֆրիցցայի, իսկ միւսը Թեմի եպիսկոպոսին` գերապայծառ Էվարիսդ Նկոյակոյէի։
Հեռագիրերուն մէջ Կարտինալ Փարոլինը փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վիշտն ու ցաւը, ինչպէս նաեւ անոր մօտիկութիւնը, միաբանութեան կրած ծանր կորուստին համար, յոյս յայտնելով որ թափուած արիւնը դառնայ յոյսի սերմ` կերտելու համար ժողովուրդներու միջեւ անկեղծ եղբայրութիւն մը։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը հուսկ վստահեցուցած է Քահանայապետին աղօթքները նուիրեալ երեք կրօնաւորուհիներու հոգիներու փրկութեան համար ինչպէս նաեւ փոխանցած է Պապին առաքելական օրհնութիւնը ննջեցեալներու ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր անոնց որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով մասնակից են այս գոյժին։







All the contents on this site are copyrighted ©.