2014-09-08 09:47:35

Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանի անթառամ յիշատակին եւ անոր Քառասունքին առիթով


ՄԱԳ. Հ. ՍԱՐԳԻՍ Ծ. ՎՐԴ. ԷՐՄԷՆ
Ան բազմավաստակ, անխոնջ մշակն էր Տիրոջ հունձքին, եռանդուն, նուիրեալ քահանան Բարձրելոյն:
Օրինակելի երիցագոյն կրօնաւոր հայրիկն էր Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան:
Հաւատարիմ, ուխտաւոր առաքեալն էր հոգիներուն եւ գործադրիչը իր համանուն սուրբին` Ս. Օգոստինոսի խօսքին.
«Եթէ կ՛ուզես սիրել Քրիստոսը, սէրդ տարածէ ամբողջ մարդոց, որպէսզի անոնք դառնան անդամները Քրիստոսի»:
Տիպար դաստիարակ-ուսուցիչն էր նորահաս սերունդին. միշտ կը կրկնէր, թէ` «կեանքի գաղտնիքը ուրիշին համար ապրիլ գիտնալն է»: Մխիթար աբբահայր կ՛ըսէ ազգին` «Քեզի ծառայելը պատիւ է ինծի համար»: Իմ մտահոգութիւնս ազգին ապագան է, որ կախուած է նոր սերունդէն, որ համապատասխանաբար կախուած է մեր դիրքորոշումէն, գիտակցութենէն եւ համոզումէն, թէ` պարտականութիւնը ունինք ազգին հանդէպ»:
Քահանայական շարքերու նօսրացման գիտակից` ծերունազարդ վարդապետը պայծառամիտ, առոյգ եւ մշտադալար հոգւով շարունակեց իր կրօնաբարոյական ու մայրենիի դաստիարակութիւնը մինչեւ այն թուականը ( 13 նոյեմբեր 2009), երբ իր առաջնորդները անարդար պաշտօնագիր-որոշումով արգիլեցին իր մուտքը Լոս Անճելըսի իր իսկ հիմնած դպրոցի սեմէն ներս:
Հնազանդեցաւ. հաւատարիմ ուխտերուն, ապրեցաւ իր խցիկին մէջ աղօթքով եւ գրական պարապումներով:
Սակայն այդ թուականը այն՜քան անջնջելի քանդակուած էր մտքին մէջ ու այն՜քան խորունկ խոցած էր սիրտն ու հոգին, որ մահէն օր մը առաջ երեք անգամ կրկնած էր աքսորման այդ թուականը` իր պաշտելի վարժարանէն:
Հակառակ այս խաչերուն` ան շարունակեց Տիրոջ ընծայած բարիքներուն հատուցանել իր նուիրումով եւ ստանձնած պաշտօնին հաւատարմութիւնը ցոյց տուաւ իր յարատեւ ներկայութեամբ մինչեւ վերջին շունչը, որ արգասիքն էր իր անխախտ հաւատքին:
Աստուածամայրը` իր պաշտելի Սիրամայրը, չթողուց, չլքեց իր յոգնաբեկ ծառան, եւ ան Տիրամօր գովերգը կրկնեց միշտ, թէ` «Ան միշտ ողորմութեամբ կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ»:
19 յուլիս 2014ին փոխակերպուեցաւ այս աշխարհէն Անոր քով, որ կ՛ըսէ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը»: (Յովհ. 11)
Տէրը, իր հաւատարիմ առաքեալին թող պարգեւէ կեանք յաւիտենական, ուրախութիւն անխառն եւ շնորհէ աճում եւ պտղաբերում իր ցանած բիւր սերմերուն:
Արդարներու յիշատակը օրհնեալ թող ըլլայ:
Ան 1921-ի սեպտեմբեր 19-ին ծնած է Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքը (այժմ Ռումանիա: Նախնիները գաղթած են 1319-ին, Անի քաղաքէն:
1927-1931նախակրթարանը կատարած է Ճուրճովի մէջ:
1931 օգոստոսին մեկնած է Վիեննա,մտած է Մխիթարեան կղերանոց եւ 1938 յուլիսին անդամագրուած է միաբանութեան:
1944 դեկտեմբեր 31-ին` ձեռնադրուած է կուսակրօն աբեղայ:
1945 յունիսին` աւարտած է աստուածաբանական եւ մանկավարժական դասընթացքները, սկսած է ուսուցչագործել եւ 1946-ին Վիեննայի պետական համալսարանէն ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը:
Զանազան շրջաններու եղած է պատասխանատու Մխիթարեան մատենադարանին, թանգարանին, դիւանատան եւ Մխիթարեան անունով խմիչքին նաեւ ուսուցիչ եւ օգնական վերակացու կղերանոցին` Վիեննա:
Զանազան շրջաններու եղած է օգնական տնօրէն, տնօրէն Հազմիէի (Պէյրութ) Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին ու ժառանգաւորներուն, ինչպէս նաեւ` Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհ. վարչութեան անդամ, Ընդհ. գործակալ եւ Ընդհ. Աթոռակալ եւ 1977-83 , 1988-93 խմբագիր «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական ուսումնաթերթի եւ տնօրէն Մխիթարեան տպարանի:
1984-2009 եղած է օգնական տնօրէն Վիենն. Մխիթարեան վարժարանին` Լա Քրէսենթա (Լոս Անճելէս) եւ ապա Տնօրէն նախ Լա Քրէսենթայի մէջ եւ 1998-էն սկսեալ Թիւժիւնկա (Լոս Անճելըս): Նոյն ժամանակամիջոցին ստանձնած է վերակացուի պաշտօն` Վիեննա եւ եղած է հոգեւոր հովիւ հունգարահայոց:
Վախճանած է 2014 յուլիս 19-ին Թիւժենկա` Լոս Անճելըս:
Գրական վաստակին մաս կի կազմեն.
1949` Նոր Կտակարանի գիրքերուն կարգը.
1971` Վիեննայի Մխիթարեան թանգարանի Կոստանդին Երրորդէն մինչեւ Լեւոն Ութերորդի դրամները.
1982` Վիեննայի Մխիթարեան թանգարանի Հեթում Բ., Լեւոն Գ. եւ Աւշինի դրամները.
1983` Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու ցուցակ, Գ. հատոր.
1987` Աշխարհաբար սաղմոսարան: Աշխարհաբար Հին Կտակարան: «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի 100 տարուան մատենագիտական ցուցակ:
Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական յօդուածներ, մանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի մէջ:
Առաջին անգամ ապացուցած է, թէ դրամահատութեան արքայական փողերանոցներ ունեցած են կիլիկեան շրջանին ոչ միայն Սիս եւ Տարսոն քաղաքները, այլ նաեւ` վաճառաշահ Այաս նաւահանգիստ-քաղաքը:
Մամուլի տակ է Նոր Կտակարանը աշխարհաբարով:
Վիենն. Մխիթ.








All the contents on this site are copyrighted ©.