2014-09-06 10:26:09

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած արարողութիւնները։


Անցեալ սեպտեմբեր մէկէն, երկու ամիս հակիրճ ընդհատումէ ետք, դարձեալ սկիզբ առին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական գործունէութիւնները, սկսեալ առաւօտեան պատարագներուն աշխարհական հաւատացեալներու մասնակցութեան կարելիութիւններէն։
Մէկ սեպտեմբերի յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը ընդունեց ''խաղաղութեան ի սպաս, ոտնագունդի միջկրօնական խաղի'' մասնակցիները անոնց ուղղելով եպբայրութեան պատգամ մը, մինչ առաւօտեան ի մէջ այլոց ընդունցած էր Քամերունի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։ Յայտնենք թէ Քամերունի եպիսկոպոսներէն ետք, նոյն առիթով Վատիկան կը ժամանեն` Կանաչ Ափունքի, Քոնկոյի, Կանայի եի Չատի եպիսկոպոսները։
Իսկ յառաջիկայ 13 սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը, առաջին աշխարհամարտի հարիւրամեակին առիթով, ուխտագնացութիւն կը կատարէ, Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեցիա – Ճուլիա մարզին մէջ գնտուող` Ֆոլիանօ Ռէտիփուլիայի զինուորական յուշահամալիր որ նուիրուած է առաջին աշխարահամարտի զոհերուն եւ ուր զետեղուած են համաշխարհային պատերազմի զոհ` 100 հազար զինուորներու դիակները։ 14 սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պսակի արարողութիւնը, մինչ Կիրակի, 21 սեպտեմբերին, միօրեայ հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Ալպանիայի մայրաքաղաք Թիրանա։
Յայտնենք որ 15 – 17 սեպտեմբեր, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ինը Կարտինալներու խորհուրդի վեցերորդ նիստը իսկ Կիրակի 28 սեպտեմբերին Ֆրանիսկոս Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի հանդիպիպի աշխարհի մեծ պապիկ ու մեծ մամիկներու հետ։ Նշենք թէ հոկտեմներ ամսոյն ընթացքին Վատիկանի մէջ գումարուած է Ընտանիքի հովութեան մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.