2014-09-06 10:22:54

Ուքրանական կառավարութիւնն ու Ռուսամէտ զինեալները զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին


Ուքրանական կառավարութիւնն ու ռուսամէտ զինեալները երէկ Մինսքի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին: Զինադադարը ուժի մէջ մտաւ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00¬ին, սակայն ռուսամէտ զինեալները յայտնեցին, որ զինադադարի հաստատումը Ուքրանիայէն անջատուելու իրենց պահանջը փոփոխութեան չ՛ենթարկեր:
Մինսքի մէջ ժողովը տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ¬ի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ նախկին նախագահի մը, ռուսամէտ ըմբոստներու ղեկավարներու եւ ռուս պատուիրակի մը:
ՕԹԱՆ¬ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ողջունեց զինադադարի հաստատումը եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա առիթ կ’ընծայէ «քաղաքական շինիչ հոլովոյթի մը սկսելու»:







All the contents on this site are copyrighted ©.