2014-09-06 09:33:53

Ուզպեքիստանը կը շարունակէ իր հալածանքը քրիստոնեաներուն դէմ


''Կրօնական ազատութեան բռնութիւնները կը շարունակուին Ուզպեքիստանի զանազան վայրերուն մէջ, ուր տեղական իշխանութիւնները կը շարունակեն հարուածել ու նեղել հաւատքի համար միատեղ խմբուած քրիստոնեաները, բռնագրաւելով Աստուածաշունչերը ու աղօթագիրքերը'', կը հաղորդագրէ ''Ազիա Նիւզ'' մամլոյ գործակալութիւնը։
Օգոստոս ամսոյն կիսուն տասնեակ ոստիկաններ ներխուժեցին բողոքական պատուելիի մը տունը, ուր իր հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթք կը կատարէին։ Ոստիկանութիւնը բռնագրաւեց կրօնական բնոյթ ունեցող իրերն ու գիրքերը։ Նշենք որ տարւոյն սկիզբը կեդրոնական կառավարութիւնը հրահանգած է կրօնական բնոյթ ունեցող գրաքննութեան սատարումը։ Ուզեպեքիստանի բնակչութեան 88 տոկոսը սիւննի մահմետականներ են մինչ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն երկրին բնակչութեան 1,8 տոկոսը։
Կրօնական ազատութիւնը սահմանափակ է եւ ուզբեքի օրէնսդրութիւնը կ`արգիլէ տունի մէջ ունենալ կրօնական այն գրականութիւնը որ կը մղէ մարդիկը ծայրայեղութեան ու ատելութեան։ Ոստիկանութեան համար կրօնական գրականութիւնը միշտ նկատուած է որպէս ծայրայեղական ուստի արգիլուած։







All the contents on this site are copyrighted ©.