2014-09-06 09:34:04

Թուրք մոլլաներ Խրիմիայէն վտարուած են, ռուսական ոստիկանութիւնը մօտէն կը հսկէ կրօնական փոքրամասնութիւններու վրայ։


Նորվեկեան կրօնքի ազատութեան կազմակերպութեան համաձայն վերջերս Խրիմիայի մէջ իսլամ հասարակութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է եւ որուն հրաւիրուած էին 23 թուրք կրօնապետեր։ Ռուս ոստիկանութիւնը պարտադարած է 18 թուրք կրօնապետերու Խրիմիայէն հեռանալ որպէս ոչ ընդունելի անձեր։ Յայտնենք որ թուրք մահմետական կրօնապետերը 20 տարիէ օգնութեան կը հասնին Խրիմիոյ իսլամ 5 կրօնապետերու։ Խրիմիոյ մահմետականները մեծամասնութեամբ թաթարներ են եւ հակառակ են Ռուսիոյ ներկայութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.