2014-09-05 11:44:58

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խօսքը՝ հինգ ցամաքամասերու երիտասարդներուն


''Ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ է'' ըսաւ Քահանայապետը հինգ ցամաքամասերու երիտասարդներուն։

Ուրբաթ, 5 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Փանամայի հանրապետութեան նախագահ` Խուան Քարլոս Վարէլա Ռոտրիկէզը, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող շքախումբը։Ան ապա ընդունեց Անտորրայի Իշխանապետութեան վարչապետ` Տիար Անթոնի Մարթի, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը ու ապա ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը` գերապայածառ Պենրնատիթօ Աուզան, իսկ ժամը 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կարտինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը հաւատոյ ժողովի կառավարիչը։

Յայտնենք որ երէկ` հինգշաբթի, 4 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ, ընդունեց ''Սքոլաս Օքուրէնդէս'' կազմակերպութեան տնօրէններու համաշխարհային հաւաքի (1-4 սեպտեմբեր) մասնակիցները, լսատեսողական պատկերասփռումի միջոցաւ կապ հաստատելով նաեւ հինգ ցամաքամասերու երիտասրադներու հետ։

Նշենք թէ ''Սքոլաս Օքուրէնդէս''ը դպրոցական համաշխարհային ''հանդիպումի'' ցանց մըն է որ ծնունդ առած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքէն եւ որ կը համախմբէ տարբեր կրօններու դաստիարակչական եւ մշակութային իրականութիւններ։ ''Սքոլաս Օքուրէնդէս''ը եղաւ նաեւ` անցեալ երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին կազմակերպուած ''ոտնագունդի խաղի վասն խաղաղութեան միջկրօնական հանդիպումի'' կազմակերպիչ ընկերակցութիւններէն մին։

Ավստրալիայէն, Թուրքիայէն, Հարաւային Ափրիկէէն եւ Սալվատորէն, ուղիղ եթերով կապի մէջ մտած երիտասարդներուն Քահանայապետին ուղղած հարցումներուն պատասխանելով, Նորին Սրբութիւնը անոնց վստահեցուց թէ ապագան իրենց ձեռքերուն մէջ է, ու հրաւիրեց ''աշխատիլ որպէս խումբ'' ու հակառակիլ ''մերժումի մշակոյթին''։Մինչ ''Սքոլաս Օքուրէնդէս''ի ժողովին մասնակիցներուն ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջարկեց դաստիարակչական նոր համակարգ մը կառուցել։

Հինգ ցամաքամասերու Երիտասարդներուն հարցումներուն պատասխանելով Քահանայապետը ընդգծեց հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը, որ ''կարող է կամուրջներ ստեղծել'' եւ կարող է ''մտիկ ընել'', պատերազմի այս ժամանակաշրջանին մէջ։ Ասոր համար հարկաւոր է նոր սերունդը դաստիարակել ''հանդիպումի մշակոյթով'', շեշտեց Պապը մատնանշելով ''կապերու ամրապնդումի կարեւորութեան` ընտանեկան, ընկերային եւ անձնական կապերուն, եւ առաջարկելով ''մարդկայնական միջավայր մը'' ուր կարելի է ''հարազատ հանդիպում մը եւ ուր բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիրը ներդաշնակ տեղ մը ունենան''։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը, անդրադարձաւ դրամապաշտութեան եւ բռնութիւններու մասին ինչպէս նաեւ ''աւելորդի մաշկոյթի'' մասին ուր բազմահազար տարեցներ եւ երիտասարդներ անտեսուած են ու լքուած իրենց ճակատագրին։

Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց երիտասարդները իրենց փորձառութիւնները փոխանցելու ուրիշներուն, հաղորդակցութիւն մը որ ուրիշները ներշնչէ։ ''Հաղորդակցութիւնը, նուիրում է. Հաղորդակցութիւնը առատաձեռնութիւն է ու յարգանք'' ըսաւ Ան ու աւելցուց`''կեանքին մէջ դուք կարող էք կամ կամուրջներ կառուցել կամ պատնէշներ բարձրացնել։ Կամուրջները կը միացնեն, պատերը կը բաժնեն''։ Քահանայապետը ապա զօրակցութիւն յայտնեց երիտասարդներուն որոնք կը մերժեն պատերազմը ու կը ձգտին խաղաղութեան ու պատասխանելով ապագայի մասին ուղղուած մէկ հարցումին ըսաւ` ''ապագան ձեր սրտերուն մէջ է. Ձեր մտքերուն եւ ձեր ձեռքերուն մէջ է։ Այդ ապագան կը կառուցեն երկու յատկութիւննեով երիտասարդներ` ''Թեւեր ունեցող երիտասարդներ եւ արմատ ունեցող երիտասարդներ''։
''Թեւերը կը ծառայեն թռիչք առնելու, երազելու եւ ստեղծելու մինչ արմատները կը ծառայեն տարեցներէն ընդունելու իմաստութիւնը'', ընգծեց Պապը ու հրաւիրեց երիտասարդները դիմագրաւելու ապագն ու զայն դարձնելու աւելի լաւ եւ աւելի բարի։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ զգուշացուց երիտասարդները, այն մարդոցմէ որոնք կ՛ուզեն պատերազմ ու բախումներ յառաջացնել յանձրարելով որ այս իրողութիւններուն դիմաց հարկաւոր է ''կազմել մէկ ճակատ ու դիմադրել միասնական հոգիով''։

Լսատեսողական հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն ըսաւ` ''Յիսուս յաճախ կը կրկներ ''Մի Վախնաք''։ Յառաջ ընթացէք. Խաղաղութեան կամուրջներ կառուցեցէք. Հաւաքական կերպով յառաջացէք եւ այնպէս ըրէք որ ապագան ըլլայ միշտ աւելի լաւ ու աւելի բարի։ Երազեցէք ապագան թռչելով դէպի բարձունքները բայց մի մոռնաք ձեր մշակութային, կրօնական եւ իմաստութեան ժառանգութիւնը որ ձեզի թողած են տարեցները։
Յառաջ. Քաջութեամբ. Կերտեցէք ապագան։








All the contents on this site are copyrighted ©.