2014-09-05 09:23:23

Հնդկաստանի Գարիթասի կոչը օգնութեան հասնելու Օրիսայի հեղեղային անձրեւներու զոհերուն։


Աւելի քան 3,5 միլիոն անհատ ծանր կացութեան մը մէջ կը գտնուին։
Հնդկաստանի Օրիսա նահանգը ծանր կացութեան մէջ կը գտնուի, ամառնային հեղեղային անձրեւներու պատճառաւ, որուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր անհատներ (աւելի քան 47 հազար անձ) իրենց օճախներէն ստիպուած հեռացան, հունձքը փճացաւ ու հազարաւոր կենդանիներ կորստեան մատնուեցան։ Այս ամէնը ժխտական հետեւանք պիտի ունենայ արօրեայ կեանքին վրայ հաղորդած է Հնդկաստանի Գարիթասը, միջազգային հասարակութենէն շտապ օգնութիւն խնդրելով դիմագրաւելու համար Օրիսայի այս ծանր կացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.