2014-09-05 09:42:49

Աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր Սուրիոյ խաղաղութեան համար Հռոմի սրբուհի Մարիամ Գոզմետին եկեղեցւոյ մէջ։


Յառաջիկայ 7 Սեպտեմբեր 2014 –ին, Հռոմի սրբուհի Մարիամ Գոզմետին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպուած է Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետիn, ճիշտ մէկ տարի առաջ (7 սեպտեմբեր 2013-ին), առաջարկած Սուրիոյ խաղաղութեան աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուան առթիւ։
Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի ծիսակատարութիւնը պիտի գլխաւորէ Մելքիթներու Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործակալ` գերապայծառ Մթանիոս Հատտա։
Խաղաղութիւնը տակաւին հեռու կը թուի Սուրիայէն։ Սուրիացիները կը շարունակեն ենթարկուիլ նիւթական ու բարոյական տառապանքի եւ նոյնիսկ Միջին Արեւելքը անկայուն կացութեան մէջ կը գտնուի իսլամական քալիֆայութեան ստեղծումի հետեւանքով։
Հաւատացեալներն ու ու բարի կամք ունեցող մարդիկը կանչուած են աղօթելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար եւ միաժամանակ յանուն խաղաղութեան ըսելու ո՛չ զէնքերու վաճառքին, քանի ամէն պատերազմի արդիւնքները միշտ եղած են մահն ու աւերները։








All the contents on this site are copyrighted ©.