2014-09-04 11:57:42

''Քրիստոնէական կեանքի ուժը կը կայանայ մեր մեղքերու եւ մեզ փրկող Քրիստոսի միջեւ հանդիպումի մէջ''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզին մէջ


Հինգշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ մատնանշեց թէ ''Քրիստոնէական կեանքի ուժը կը կայանայ մեր մեղքերու եւ մեզ փրկող Քրիստոսի միջեւ հանդիպումի մէջ'', ընդգծելով թէ այնտեղ ուր կը պակսի այս հանդիպումը Եկեղեցիները կը դառնան անկեալ եւ քրիստոնեաները գաղջ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց Պօղոս առաքեալի կորընթացիներուն ուղղած նամակին` որուն մէջ առաքեալը կը գրէ ''Ոչ ոք թող ինքզինք խաբէ, եթէ ձեզմէ մէկը կը կարծէ իմաստուն ըլլալ այս աշխարհի վրայ, թող յիմարանայ` իմաստուն դառնալու համար''։
Ս. Պօղոս – ըսաւ Քահանայապետը – մեզի կ՛ըսէ թէ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը կը բարեփոխէ մեր սրտերը, կը բարեփոխէ աշխարհը ու մեզի կը պարգեւէ կեանք, յոյս եւ մարդկային իմաստութիւն։ Առաքեալը արդարեւ չէր հպարտանար իրեն ուսմունքներով, ան կ՛ըսէր ''ես հպարտ եմ միայն մեղքերովս'', ու ապա ''հպարտ եմ քրիստոսով ու քրիստոսի խաչով''։
Սուրբ Պետրոս նաեւ կը յայտնէ թէ ''Յիսուս Քրիստոսին հետ հանդիպման պատշաճ վայրը մեղքերն են''։ Եթէ Քրիստոնեայ մը կարող չէ ինքիզինք մեղաւոր զգալ ու գիտակցիլ թէ փրկուած է Յիսուսի արիւնով, կիսատ քրիստոնեայ մըն է, քաղջ քրիստոնեայ մըն է – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց, ''երբ կը հանդիպինք անկեալ եկեղեցիներու կրնանք գուշակել թէ այնտեղ ապրող քրիստոնեաները չեն հանդիպած Յիսուս Քրիստոսին։ ''Յիսուս Քրիստոսին հետ հանդիպումը կը յեղաշրջէ կեանքի ընթացքը եւ ուժ կու տայ փրկութեան աւետիսը տանելու նաեւ ուրիշներուն'' հաստատեց Քահանայապետը ու քարոզի աւարտին հարցադրանքներ ուղղեց ըսելով` ''կարո՞ղ ենք Տիրոջ ըսել`Ես մեղաւոր եմ''։ ''Կարո՞ղ ենք հաւատալ Անոր եւ այն իրողութեան որ Իր Արիւնը մեզ փրկեց մեղքերէն ու մեզի պարգեւեց նոր կեանք''։ ''Կը վստահի՞մ Քրիստոսին''։ Ապա Ի՞նչով է պէտք է հպարտանայ քրիստոնեայ մը հարցումին, Քահանայապետը պատասխանեց երկու բանով` ''Մեր մեղքրով եւ Քրիստոսի խաչով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.