Փութին-Փորոշենքօ համաձայնութիւն գոյացուցին արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ մնայուն զինադադարի
շուրջ
Չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր
Փորոշենքոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: Փութին Փորոշենքոյի
հետ քննարկած է Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար անհրաժեշտ
առաջնահերթ քայլերը: Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մանրամասնած է, որ Փութինի
եւ Փորոշենքոյի տեսակէտները տագնապէն դուրս գալու ուղիներ ճշդելու առումով զգալիօրէն
համընկնած են: Ուքրանիոյ նախագահի մամլոյ գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց. «Երկու
նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցին արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնպասի շրջանին մէջ մնայուն
զինադադարի շուրջ»: Փութին երէկ կոչ ուղղեց «արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ
բանալու»` յոյս յայտնելով, որ ուրբաթ օր Քիեւի եւ ռուսամէտ զինեալներուն միջեւ վերջնական
համաձայնութիւն մը գոյանայ: