2014-09-04 09:56:49

Խօսէ ինծի Հայ Եկեղեցիին մասին


Ամէն քրիստոնեայ ազգի համար իր Եկեղեցիին պատմութիւնը թանկագին է: Նոյնն է պարագան նաեւ հայ ազգին, սակայն Հայ Եկեղեցիին պատմութիւնը այն սակաւաթիւներէն է, որոնց էջերը լի են իրարու հակադրուող տխուր թէ ուրախ դէպքերով, մութ կամ պայծառ դրուագներով:
Առաւել, սակաւաթիւ են այն ազգերը որոնց Եկեղեցիին պատմութիւնը այնքան հպարտառիթ անցքեր կը բովանդակէ որքան Հայոց Եկեղեցին, հպարտառիթ` ո՛չ միայն իր կարկառուն դէմքերով ու անձնաւորութիւններով, այլ մանաւանդ իր հաւատացեալներուն ցուցաբերած հերոսական դիմադրութեամբ, ի սէր եւ ի պաշտպանութիւն իրենց քրիստոեայ կրօնին:
Սակայն չի բաւեր միայն հպարտանալ Հայ Եկեղեցիով, այլ նախ եւ առաջ` պէտք է զայն լաւ ճանչնալ, ճիշտ գնահատել, դաս քաղել եղած սխալներէն, կառչիլ անոր սրբութիւն-ներուն եւ ապրիլ զայն մեր առօրեային մէջ:

Ի՞նչ է կրօնը

Հայ Եկեղեցին, ինչպէս ամէն Եկեղեցի, հիմնուած է կրօնի վրայ, ինչպէս շէնք մը իր հիմերուն վրայ: Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացնելէ առաջ անհրաժեշտ է նախ խօսիլ կրօնի մասին` թէ ի՞նչ է կրօնը, ուսկի՞ց յառաջ եկած է, եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:
Կրօնը Գերագոյն Էակի մը հանդէպ հաւատքն է, որ ինքզինք արտայայտած է պաշտա-մունքով: Կրօնի գոյութեան հնագոյն արտայայտութիւնները դրօշմուած են նախապատ-մական շրջանի քարայրի, փայտի, երկաթի կամ պղինձի վրայ գծագրուած պատկերնե-րուն կամ յիշատակութիւններուն մէջ, որոնք կը նկատուին կրօնական պաշտամունքի ամենահին արտայայտութիւնները: Այս բոլորը կը վկայեն անդի աշխարհի եւ հոգիի անմահութեան հանդէպ հաւատքի մը գոյութեան մասին:
Գիտէ՞ք ով կրօն չունի, միայն անասունները: Ի՞նչու, որովհետեւ խե'լք չունին որ տրամաբանեն աշխարհի ծագումին մասին: Տեսա՞ծ էք կապիկներ որոնք եկեղեցի մտնեն ու մոմ վառեն: Սակայն, մարդը գերազանցապէս իմացական էակ ըլլալով, ուզած է տրա-մաբանական բացատրութիւններ գտնել կարգ մը երեւոյթներու: Ամէն մարդ եւ ապա ամէն ժողովուրդ պահանջը զգացած է այս առեղծուածին բացատրութիւնը գտնել.
Թողու'նք բնութիւնը ու անոր գաղտնիքները, թողու'նք ծովերուն յատակը բնակող բազմատեսակ միլիոնաւոր ձուկերը, եւ կեդրոնանաք միայն մարդ արարածին վրայ:
Ո՞վ ես մարդ, ուսկի՞ց կու գաս: Որու՞ գործն ես: Ինչու՞ ժայռերը, ծառերը ու կրեաները դարերով կ'ապրին ու դուն կը մեռնիս:







All the contents on this site are copyrighted ©.