2014-09-03 12:00:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Եկեղեցին Մայր է''։


''Եկեղեցին ունի մօր մը քաջութիւնը որ գիտէ պաշտպանել իր զաւակները ամէն գնով, զանոնք առաջնորդելով դէպի Յիսուսի հետ հանդիպումը''։


Չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, ունկնդրութիւն շնորհեց, այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ Մայրութեան վրայ։

Սիրելի եբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Ան, անցեալ հանդիպումներուն առիթը ունեցանք մատնանշելու թէ կարելի չէ քրիստոնեայ դառնալ անձնական ուժերով, այլ թէ այս մէկը կարելի է Եկեղեցւոյ միջոցաւ ուր կը նորոգուինք եւ կ՛աճինք հաւատքով։ Այս ուղղութեամբ Եկեղեցին Մայր է – հաստատեց Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''Ան Մայր մըն է որ մեզի կեանք կը պարգեւէ Քրիստոսով եւ կարելիութիւն կու տայ ապրելու մեր եղբայրներուն հետ, Սուրբ Հոգիին հաղորդութեամբ։Մայրութեան մէջ Եկեղեցին ունի որպէս տիպար Սուրբ Կոյս Մարիամը։Ան` բացառիկ կերպով յղացաւ Աստուծոյ Միածին որդին։ Եկեղեցւոյ Մայրութիւնը շարունակութիւնն է Աստուածամօր Մայրութեան պատմութեան հոլովոյթին։ Արդարեւ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին միջոցաւ կը շարունակէ ծնանիլ նոր զաւակներ ի Քրիստոս։ Եկեղեցին մեր Մայրն է որովհետեւ մեզ կը յղանայ սուրբ մկրտութեան խորհուրդով, եւ այդ օրէն`որպէս հոգատար Մայր մեզ կ՛աճեցնէ հաւատքի մէջ, ու մեզի ցոյց կու տայ փրկութեան ճանապարհը, Աստուծոյ Խօսքին զօրութեան միջոցաւ, մեզ պաշտպանելով չարին փորձանքներէն։
Ամէնքս հրաւիրուած ենք ընկալելու բաց մտքով ու բաց սրտով Աստուծոյ Խօսքը որ կարող է մեզ կերպարանափոխել։Եկեղեցին ունի մօր մը քաջութիւնը որ գիտէ պաշտպանել իր զաւակները ամէն գնով, զանոնք առաջնորդելով դէպի Յիսուսի հետ հանդիպումը։
Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ''Եկեղեցին մենք ենք. Բոլոր մկրտեալներս'' ու յանձնարարեց, որպէս Եկեղեցւոյ անդամ` վկայութիւն տալու միշտ Եկեղեցւոյ Մայրութեան։ Ան ապա հայցեց Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի առաջնորդէ մեզ, մեզի սորվեցնելով ունենալ Անոր Մայրական Հոգին հանդէպ մեր եղբայրներուն, ունենալ կարողութիւնը հիւրընկալելու զանոնք, ներելու անոնց եւ ներշնչելու յոյս եւ վստահութիւն։
Խորհրդածութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող զանազան վայրերէն ժամանած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, զանոնք հրաւիրելով երկխօսութեան մէջ մնալու Աստուծոյ հետ ու Յիսուսին մէջ գտնելու մխիթարութիւն եւ սփոփանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.