2014-09-03 09:37:24

''Ուքրանիոյ Ճգնաժամը շրջանային եւ մինչեւ իսկ համաշխարհային հետեւանքներ կրնայ ունենալ'' ըսաւ Պան Քի Մուն


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մուն` դիմելով արեւմտեան երկիրներու ղեկավարութեան, անգամ մը եւս ըսած է, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամը զինուորական լուծում չունի:
«Կարեւոր է, որ անոնք գիտակցին, թէ այս իրավիճակին մէջ զինուորական լուծում չկայ: Քաղաքական լուծման համար անհրաժեշտ է քաղաքական երկխօսութիւն, ատիկա աւելի ողջամիտ ճամբայ է», յայտարարած է Քի Մուն` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ պիտի փափաքէր խուսափիլ ճգնաժամի հետագայ ընթացքէն, որ «կը զարգանայ` վերածուելով շատ քաոսային եւ վտանգաւոր իրավիճակի»:
«Ատիկա ունի շրջանային եւ մինչեւ իսկ համաշխարհային հետեւանքներ: Ճիշդ այդ պատճառով ես կը դիմեմ ուքրանական եւ ռուսական իշխանութիւններուն` առաջարկելով միասին նստիլ եւ այդ հարցը լուծել խաղաղ ճամբով` երկխօսութեան միջոցով», ըսած է ան:
Միւս կողմէ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար` Ֆետերիքա Մոկերինի, որմի քանի օր առաջ նշանակուեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, յայտարարած է, որ ինք Ռուսիոյ հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները այլեւս գործընկերային չի նկատեր:
Մոկերինի իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսելով Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա գործընկերութեան մասին յայտնած է. «Այդ գործընկերութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի: Ներկայ պահուս Ռուսիան այլեւս ռազմավարական գործընկեր չի հանդիսանար»:
Յայտնենք Մոկերինի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 նոյեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.