2014-09-03 12:27:06

Յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրը ''Օրթոտոքս հոգեւորութեան'' մասին կազմակերպուած համամիութենական համագումարին առթիւ։


''Օրթոտոքս հոգեւորութեան Միջազգային համամիութենական 22-րդ համագումարին առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ Պոզէի մէջ, 3 – 6 սեպտեմբեր 2014, ''Երանի խաղաղարարներուն'' բնաբանով եւ կազմակերպութեամբ Պոզէ հասարակութեան եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներուն միութեան։Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Փարոլինը, չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հեռագիր մը յղեց համագումարի մասնակիցներուն անոնց փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնները եւ գնահատանքի խօսքը նման նախաձեռնութեան համար։
Հեռագիրին մէջ Կարտինալ Փարոլինը մաղթանք յայտնած է, որպէսզի սոյն ուսումնասիրութիւնը կարենայ նպաստել այն գիտակցութեան, թէ կարելի է ապրիլ եւ վկայել Քրիստոսի հռչակած խաղաղութիւնը, եղբայրական անկեղծ կեցուացքով, որոնք կը գերազանցեն անվստահութիւնները եւ յոյս կը ներշնչեն։
Կարտինալ Փարոլինը հեռագիրը եզրափակած է յայտնելով` ''մինչ Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ ձեզմէ աղօթել իրեն եւ իր Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար կը հայցէ Աստուածային նախախնամութեան օրհնութիւնները համաժողովի աշխատանքներուն վրայ եւ հաճութեամբ կ՝ուղարկէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.