2014-09-03 09:11:05

Համամիութենական Հասարակաց աղօթք որպէս զօրակցութեան նշան Իրաքի եւ Սուրիոյ տառապող ժողովուրդներուն։


Զուիցերիոյ Պերն քաղաքին մէջ, 7 Սեպտեմբեր 2014-ին, տեղի պիտի ունենայ համամիութենական աղօթք` առ ի զօրակցութիւն Իրաքի եւ Սուրիոյ տառապող, տեղահան եւ հարստահարուած փոքրամասնութիւններուն։
Հասարակաց աղօթքը պիտի կատարուի Պերնի ս. Պետրոս-Պօղոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական կրօնապետերու։
''Այս աղօթքով կ'ուզենք դրսեւորել այս երկու ժողովուրդներուն հանդէպ մեր վիշտն ու ցաւը, ու միասնաբար մեր աղաչանքը բարձրացնել Ամենակալ Տիրոջ դադրեցնելու բռնութիւնները ու հաստատելու արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը'', կը գրէ կազմակերիչ խումբը։
Միւս կղմէն Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահւաք դասը հրաւէր ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն, յառաջիկայ 13-14 սեպտեմբերին, յատուկ դրամահաւագ կատարելու, Միջինք Արեւելքի հարստահարուած քրիստոնեանրուն մարդասիրական օժանդակութիւններ ապհովելու դիտաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.