50 տարի առաջ Սասնոյ մէջ իսլամացած է Հայկական գիւղ մը։
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- «Հիւրրիէթ» օրաթերթի 1964 թուականի Ապրիլ 7ի թիւին մէջ տպագրուած
տեղեկատուութեան մը համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք գոյատեւող հայկական
գիւղի մը ամբողջ բնակչութիւնը իսլամացած է: Ըստ «Sasun.org» թրքալեզու կայքին հրապարակած
տեղեկութեան՝ Սասուն գաւառին ենթակայ Աջար գիւղի 30 տունէ բաղկացած բնակչութիւնը, Պաթմանի
միւֆթի Ալաէտտին Եաւուզի ներկայութեամբ իսլամութիւն ընդունած է: Գիւղի եկեղեցին մզկիթի
վերածուած է, բնակիչներու անունները փոխուած են, իսկ բոլոր տղայ երեխաները՝ թլփատուած: Քրիստոնեայ
այս գիւղի 88 հոգինոց բնակչութիւնը, որուն 48ն երեխայ էր, 40ը՝ կին ու տղամարդ, հարկադրուած
է գիւղի հարիւրամեայ եկեղեցին մզկիթի վերածելու: