2014-09-02 10:08:06

Ընդունելով ''խաղաղութեան ի սպաս, ոտնագունդի միջկրօնական խաղի'' մարզիկները, Ֆրանչիսկոս Պապը վերահաստատեց ''հանդիպումի մշակոյթին'' կարեւորութիւնը։


Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ընդունելով ''խաղաղութեան ի սպաս, ոտնագունդի միջկրօնական խաղի'' մարզիկներն ու ձեռնարկի կազմակերպչական մարմնի անդամները, վերընդգծեց մարզանքի տիեզերական արժէքները, ինչպէս` հաւատարմութիւնը, բաժնեկցութիւնը, երկխօսութիւնը եւ ուրիշի հանդէպ վստահութիւնը, հաստատելով թէ ասոնք արժէքներ են որ կր գերազանցեն որեւէ ցեղային, մշակութային եւ կրօնական ըմբռնում։

Մարզիկներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատնանշեց թէ այս հանդիպումը խորհրդանշական ժեստ մըն է հասկցնելու թէ կարելի է կառուցել հանդիպումի մշակոյթը եւ աշխարհի խաղաղութիւնը, ուր զանազան կրօններու հաւատացեալներ, պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը, կրնան միասնաբար ապրիլ ներդաշնակութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով''։Ան ապա յայտնեց թէ յանձնարարեց մարզիկներուն ըլլալ երիտասարդներուն օրինակ որպէսզի մարզանքը սատարէ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան, գերազանցելով ցեղային, լեզուական եւ կրօնական ամէն խտրութիւն։

Յայտնենք թէ ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական մարզական հանդիպումը'', տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8,30-ին, Հռոմի ''Օլիմփիքօ'' մարզադաշտին մէջ։ Աոյն նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր` ընդառաջելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խնդրանքին, օգտագործելու մարզանքը ի սպաս խաղաղութեան։

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին ոտնագունդի անցեալի եւ ներկայի աշխարահռչակ մարզիկներ որոնցմէ նշենք` Ռոպերթօ Պաճճօ, Տիէկօ Արմանտօ Մարատոնա, Տավիտ Թրեզեկէ, Ճանլուիճի Պուֆֆոն, Խավիէ Զանէթթի եւ ուրիշներ....։ Խաղէն առաջ զանազան կրօններու ներկայացուցիչներ միասնաբար տնկեցին ձիթենիի ծառ մը ի նշան խաղաղութեան եւ եղբայրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.