''Իսլամական ահաբեկչութիւնը արդէն մէկ ամիսէն պիտի հասնի Եւրոպա'' ըսած է Սէուտական
Արաբիոյ Թագաւորը
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը զգուշացուցած է, որ եթէ իսլամականներուն
հակազդող անմիջական քայլեր չձեռնարկուին, ապա միջինարեւելեան ահաբեկչութիւնը մօտ ատենէն
պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը համապատասխան
յայտարարութեամբ դիմած է օտար երկիրներու դեսպաններուն` ուրբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումին
ընթացքին: «Կը խնդրեմ ձեզմէ` այս ուղերձը փոխանցել ձեր ղեկավարներուն: Ահաբեկչութիւնը
չարիք է, որուն դէմ անհրաժեշտ է պայքարիլ անյապաղ եւ խելացի քայլերով: Եթէ քայլեր չձեռնարկուին,
ես վստահ եմ, որ մէկ ամիս ետք ահաբեկչութիւնը պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ»,
յայտարարած է թագաւորը: