2014-08-31 09:45:10

2014-ի Սեպտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Սեպտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Ոպէսզի մտային անկարները ընդունին սէրն ու օգնութիւնը որոնց կը կարօտին, արժանավայել կեանք մը ապրելու համար''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Քրիստոնեաները, ներշնչուած Աստուծոյ Խօսքէն, յանձնառումով ծառայեն աղքատներուն եւ տառապողներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.