2014-08-30 09:55:53

Ֆրանչիսկոս Պապը ի սպաս խաղաղութեան։


Յառաջիկայ մէկ սեպտեմբեր 2014-ին, Հռոմի ''Օլիմփիքօ'' մարզադաշտին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հանդիպումը''։
Ձեռնարկ մը որ Արժանթինցի ֆութպոլիստ` Խավիէ Զանէթթի, այլ հռչակաւոր մարզիկներու հետ միասին, ուեզեցին կազմակերպել, ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խնդրանքին, օգտագործելու մարզանքը ի սպաս խաղաղութեան։
Սրբազան Պապը Պրազիլ 2014- ոտնագունդի ողիմպիական խաղերու առթիւ իր պատգամին մէջ արդարեւ ըսած էր` ''Մարզանքը միջոց մըն է հաղորդելու այն արժէքները որ կը զարգացնեն մարդ էակի բարիքը, եւ կը նպաստեն կերտելու աւելի խաղաղ եւ եղբայրական ընկերութիւն մը''։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կը դասուի Նորին Սրբութեան խաղաղութեան ի սպաս առաջարկած այլ ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ինչպէս` Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկումը (7 սեպտեմբեր 2013-ին), Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահներու ներկայութեամբ` Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար աղօթքը (8 յունիսի 2014-ին), Իրաքի հալածուած փոքրամասնութիւններուն համար հրատարակած կոչերն ու թուիթները եւայլն.....
Քորէայէն վերադարձի ճանապարհին վրայ, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած էր թէ վերջերս մէկը իրեն դիտել տուած էր թէ ''կ՛ապրինք համաշխարհային երրորդ պատերազմի'' օրեր ու այս առընչութեամբ Պապը հաստատած էր թէ ''Խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է, որուն ձգտելու համար կարեւոր է նաեւ մեր աշխատանքը''։
''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հանդիպումին'' իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ոտնագունդի համաշխարհային համբաւ ունեցող 50 մարզիկներ որոնց շարքին նշենք, Տավիտ Թրեզեկէ, Անտրէյ Շէվշէնքօ, Անտրէա Փիրլօ, Ռոնալտօ, Ռոպերթօ Պաճճօ եւ այլ հռչակաւոր մարզիկներ։ Ծախու դրուած տոմսերու եկամուտը պիտի յատկացուի երկու բարեսիրական ընկերակցութիւններուն։ Ձեռնարկը պիտի պատկերասփռուի համաշխարհային գետնի վրայ։ Խաղէն առաջ, երկուշաբթի 1 սեպտմբերին, Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ձեռնարկի մասնակցող մարզիկներուն։
Վերոյիշեալ հանդիպումի առթիւ, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդը, 1- 3 սեպտեմբեր, Հռոմի մէջ կազմակերպած է միջազգային ուսումնաժողով մը, որուն բնաբանն է` ''Մարզանքը մարդուն ի սպաս է. Արդիւնքի մշակոյթէն դէպի հանդիպումի մշակոյթը''։ Ուսումնաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ խորհրդածելու եւ բանակցելու մարզական փորձառութեան` դաստիարակչական, մշկութային եւ հոգեւոր արժէքի մասին, մարզիչներուն առաջարկելով կազմաւորումի նոր ուղիներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.