2014-08-30 10:41:27

Իրաքահայ Համայնքի ազգային իշխանութիւնները օժանդակութիւններ կը տրամադրեն Մուսուլէն գաղթած հայութեան


«Ազդակ» կը հաղորդէ թէ կապ հաստատած է իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Մելքոն Մելքոնեանի հետ եւ թէ Այս վերջինչը յայտնած է, որ իրաքահայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի հիւսիսիայն Իրաք` հիւսիսային Մուսուլէն գաղթական դարձած հայութեան օժանդակութիւններ կազմակերպելու առաքելութեամբ:
Մելքոն Մելքոնեան հաստատեց, որ հայերը հաստատուած են Տըհոք, Զախօ, Էրպիլ եւ Էնքաուա: Ոմանք հաստատուած են ծանօթներու մօտ, ուրիշներ վարձակալած են բնակարաններ: Իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւնները անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կը տրամադրեն` լուծելով կենցաղային եւ բնակարանային հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.