2014-08-29 09:33:40

ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումի ընդհանուր գումարը 1-28 Սեպտեմբեր 2014, Հռոմի ''Մարիափոլիս'' կեդրոնին մէջ։


ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումը իր ընդհանուր հաւաքը գումարած է Հռոմի ''Մարիափոլիս'' կեդրոնին մէջ, յառաջիկայ 1 – 28 սեպտեմբեր։
Համագումարին կը մասնակցին աշխարհական եւ եկեղեցական 494 պատուիրակներ, չափահաս եւ երիտասարդ, այր ու կին, եկած աշխարհի չորս ծագերէն,։
Համագումարին հրաւիրուած են նաեւ 49 հիւրեր, որոնցմէ 15 կը պատկանին քոյր եկեղեցիներուն։
Ընդհանուր գումարի ընթացքին նախատեսուած է նախ հոգեւոր կրթութիւն, ապա 32 խումբի բաժնուելով ժողովականները պիտի սերտեն 12 մեծ նիւթեր։ Համագումարին աւարտին 494 պատուիրակները պիտի ընտրեն ֆոքոլարինի շարժումին նոր նախագահական կազմը եւ ընդհանուր խորհրդականները յառաջիկայ վեց տարիներուն համար։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` 26 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Վատիկանի մէջ, պիտի ընդունի համագումարին մասնակցողները։








All the contents on this site are copyrighted ©.