2014-08-29 09:46:50

Երկու տարի Միջին Արեւելքի մէջ շրջելէ ետք ֆրանսացի մը Վատիկան կը հասնի։


Լիբանաէն Երուսաղէմ ապա Կովկաս, Իրան եւ Սուտան, երկու տարիներ ամբողջ շրջելէ ու զանազան հանդիպումներ ունենալէ ետք, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հետ, Ֆրանսացի Vincent Gelot, վերջապէս կը հասնի Վատիկան եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կը ներկայացնէ ``Արեւելքի քրիստոնեաներ`` վերտառութեամբ նոր գիրքը, որ կը ներփակէ 20 երկիրներու բազմաթիւ պատկերները, 30 լեզուներով վկայութիւններ, գծագրութիւններ ու աղօթքներ։ Սրբազան Հայրը, հանդիպելով ֆրանսացի արկածախնդիր երիտասարդին, անոր գիրքի վերջին էջին վրայ արձանագրեց իր մէկ պատգամը







All the contents on this site are copyrighted ©.