2014-08-29 11:23:00

Եկէղեցւոյ Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը Հեշտամահի մասին։


Նախապէս անդրադարձած էինք, թէ կեանքը մարդկային գոյութեան հիմնական բարիքն է եւ մեծագոյն պարգեւը Աստուծոյ: Եթէ մէկ կողմէն կեանքը պարգեւ մըն է Աստուծոյ, միւս կողմէն, սակայն անխուսափելի է մահը:

Անհրաժեշտ է ուրեմն, որ առանց որեւէ կերպով նախատեսելու մահուան ժամը, մենք գիտնանք ընդունիլ զայն մեր պատասխանատուութեան լիուլի գիտակցութեամբ եւ ամենայն արժանապատուութեամբ:

Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը յստակ եւ վճռակամ օրէնքներ կը ներկայացնէ հեշտամահի վերաբաերեալ: Ահաւասիկ կը ներկայացնենք զանոնք:

2276. Անոնք, որոնց կեանքը նուաղած է կամ հիւծած, առանձնայատուկ յարգանքի կը կարօտին: Հարկ է նեցուկ կանգնիլ հիւանդ կամ խեղանդամ անձերուն՝ որպէսզի կարելի եղածին չափ, բնականոն կեանք մը վարեն:

2277. Ինչ ալ ըլլան դրդապատճառներն ու միջոցառումներր, ուղղակի հեշտամահը կը կայանայ խեղ, հիւանդ կամ մահամերձ անձերու կեանքին վերջ դնելու մէջ: Բարոյապէս անընդունելի է ասիկա:

Ուստի, արարք մը կամ զանցառութիւն մը, որ ինքնին կամ դիտմամբ մահը կր կիրարկէ ցաւը դադրեցնելու համար, մարդասպանութիւն մըն է, որ խորապէս հակառակ է մարդկային անձի արժանապատուութեան եւ անոր Արարիչ` կենդանի Աստուծոյ յարգանքին:
Դատողութեան սխալը, որու մէջ կրնանք իյնալ ուղղամտութեամբ, չի՛ կերպարանափոխեր բնութիւնը այս մահացու արարքին, որ հարկ է միշտ վանել ու բացառել:

2278 — Բժշկական սուղ, վտանգաւոր, արտակարգ միջոցառումներուն կասեցումը կրնայ օրինաւոր ըլլալ, եթէ անհամեմատ են ակնկալուած արդիւնքներուն հետ: «Դարմանական յամառութեան» մերժումն է ասիկա: Այսպէս գործելով, մահը չէ՛ որ կ՛ուզենք կիրառել, այլ՝ կ՛ընդունինք որ անկարող ենք զայն կասեցնել:

Որոշումները պէտք է առնուին հիւանդին կոդմէ, եթէ ընդունակութիւնն ու կարոդութիւնը ունի, ապա թէ ոչ, անոնց կողմէ որոնք օրինական իրաւասութիւնը ունին, յարգելով միշտ հիւանդին իրաւացի կամքն ու արդար շահերը:

2279.– Նոյնիսկ եթէ մահը վերահաս է, կարելի չէ իրաւացիօրէն հիւանդի մը պէտք եղած խնամքները ընդհատել:

Մահամերձին տառապանքները մեղմելու ցաւազերծ դեղերու կիրառումը բարոյապէս կրնայ համապատասխան ըլլալ մարդկային արժանապատուութեան, նոյնիսկ եթէ անոր կեանքը յապաւելու վտանգը ըլլայ, եթէ մահը ուզուած չէ` ո՛չ որպէս վախճան, ո՛չ իրրեւ միջոց, այլ միայն, նախատեսուած է եւ ընդունուած՝ որպէս անխուսափելի:

Առժամեայ սփոփարար խնամքները, անշահախնդիր սիրոյ առանձնաշնորհեալ ձեւ մը կը կազմեն: Այս առընչութեամբ, հարկ է խրախուսել ղւսնոնք:

2280— Ամէն ոք իր կեանքին պատասխանատուն է Աստուծոյ աոջեւ, որ Ան տուած է իրեն: Ան, կեանքին գերագոյն Տէրը կը մնայ:

Մենք յանձնառութիւնր ունինք ընդունելու ու պահպանելու զայն երախտագիտութեամբ` Աստուծոյ փառքին եւ մեր հոգիներուն փրկութեան համար։

Մենք խնամատարներն ենք եւ ո՛չ թէ սեփականատէրերր կեանքին, որ Աստուած մեզի յանձնած է: Մենք չենք կրնար զայն տնօրինել:

2281 -Անձնասպանութիւնր կր հակասէ մարդկային էակի բնական ձգտումին` պահպանելու եւ յաերժացնելու իր կեանքը:

Ան, ծանրապէս կ՛ընդդիմանայ ինքնիր անձին արդար սիրոյն: Ան կ՛անպատուէ, նաեւ, մերձաւորին սէրը. որովհետեւ, անիրաւաբար, կը քանդէ ընտանեկան, ազգային եւ մարդկային ընկերութիւններուն հետ միասնականութեան կապերը, որոնց հանդէպ պէտք է երխտապարտ մնանք: Անձնասպանութիւնը հակառակ է կենդանի Աստուծոյ սիրոյն:








All the contents on this site are copyrighted ©.