2014-08-26 08:47:27

Միջին Արեւելքի Հայկական դասական գաղութները նօսրացման վտանգի տակ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Արմէնփրէս».– Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի համախմբուին Սփիւռքի մէջ գործող տարբեր կառոյցներու եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ՝ Հայաստան-Սփիւռք 5րդ եւ Լրագրողներու 7րդ Համահայկական համաժողովներուն առիթով:
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ ամերիկահայ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան 25 Օգոստոսին տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսած են համաժողովին, Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներուն եւ հայկական տեղեկատուական դաշտի ներկայի վիճակին մասին: Անոնց կարծիքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պէտք է լուսաբանել նկատի առնելով երկու կարեւոր պայման՝ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան տեղեկատուական պատերազմի համապատկերի մէջ եւ կարեւորագոյնը, որ միշտ առկայ է հայկական Սփիւռքի գործօնը:
«Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն եւ իսլամ ծայրայեղականներու քաղաքականութեան հետեւանքով տեղւոյն հայկական դասական գաղութները նօսրացման վտանգի ենթակայ են», յայտնած է Շահան Գանտահարեան՝ աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ այսօր տիրող ընդհանուր միտումը ապաքրիստոնէացման գործընթացն է: «Արաբական գարունը դիմափոխուած է այլ զարգացումներու եւ այսօր հիմնական վտանգը ո՛չ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ աշխարհին համար իսլամական ծայրայեղ դրսեւորումներն են, որոնք կը սպառնան ո՛չ միայն հոն ապրող քրիստոնեայ բնակիչներուն, այլ նաեւ միւս դաւանանքներու պատկանողներուն: Ինչպէս կը տեսնէք ցեղային զտման գործողութիւններ կը կիրարկուին եզիտիներուն նկատմամբ», ըսած է Գանտահարեան՝ նկատել տալով, որ այս գործընթացներուն անմիջական հետեւանքը արտահոսքն է եւ Միջին Արեւելքի հայաթափումը:
«Արմէնփրէս»ին թղթակիցը հարցուցած է, որ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացք առած զանգուածային արտագաղթը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայկական Սփիւռքի ընդհանուր նկարագիրի վրայ. Գանտահարեան յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց պետականութեան գոյութեան շնորհիւ հայապահպանման վտանգը նուազագոյնի կը հասնի: «Եթէ նախապէս Միջին Արեւելքը շատ կարեւոր միջավայր էր հայկական Սփիւռքի հայապահպանման համար, ապա այսօր Սփիւռքի կապը Հայաստանի հետ շատ աւելի աշխոյժ է: Ի հարկէ, դեռ շատ բան կայ ընելիք. Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սփիւռքի կառոյցները պէտք է ռազմավարական, քաղաքական, մշակութային, անվտանգութեան եւ լեզուական տեսանկիւններէ միացեալ քննարկումներ կատարեն՝ հայկական Սփիւռքը իր բոլոր ենթաշերտերով ուսումնասիրելու եւ նոր հեռանկարներ նախանշելու համար», ըսած է Գանտահարեան:
Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը ուղիղ կամ տարանցիկ երկրի միջոցով կը գաղթէ Եւրոպական միութեան երկիրներ կամ Միացեալ Նահանգներ:
Աբօ Պողիկեանի համաձայն՝ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները նաեւ կ՛ազդեն Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայ համայնքներուն վրայ: «Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը կը փորձէ ներգրաւել նոր եկողները, բայց հիմը սխալ դրուած է: Երբ Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ եկան առաջին արտագաղթողները, տեղւոյն համայնքը պատրաստ չէր զանոնք ընդունելու, ուստի յարաբերութիւնները այդքան ալ առողջ հիմերու վրայ չդրուեցան: Սակայն վերջին շրջանին համազգային որոշ խնդիրներու պատճառով անիկա աւելի համախմբուեցաւ», դիտել տուած է Պողիկեան՝ նկատել տալով, որ նոր արտագաղթողները իրենց ներկայութեամբ աւելի կ՛ամրապնդեն հայկական գործօնը Արեւմուտքի մէջ, եւ որ միացեալ ջանքերով կարելի կ՛ըլլայ «վնասը վերածել ինչ որ շահի»:
Ասուլիսին ընթացքում անդրադարձ կատարուած է նաեւ առարկայական եւ ճշգրիտ լրատուութեան կարեւորութեան: Բանախօսները նշած են, որ շատ կարեւոր է խուճապային լրատուութենէ խուսափիլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.