2014-08-26 09:25:56

Լեհաստանի Չեսթեքովա Մարեմեան սրբավայրին մէջ յատուկ աղօթքներ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։


Լեհաստանի եպիսկոպոսները հաւատացեալներէն խնդրած են որ ջերմ աղօթքներ բարձրացնեն Չեսթոքովայի Սեւ Տիրամօր տօնին առթիւ, որ կը նշուի այսօր` երեքշաբթի 26 Օգոստոսին, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։
Անոնք, գրած են եպիսկոպոսները իրենց պատգամին մէջ, մեր նեցուկի ու զօրակցութեան պէտք ունին։ Մեր աղօթքն է որ Ամենակալ Տէրը վերջ դնէ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին։
Նշենք որ Չեսթոքովայի Սեւ Տիրամօր յիշատակութիւնը Լեհաստանի եկեղեցւոյ համար դարերէ ասդին կը նկատուի ամենէն մեծ տօներէն մէկը եւ սրբավայրը միշտատեւ յաճախուած է։ Օգոստոս ամսուայ ընթացքին աւելի քան 75 հազար ուխտաւորներ այցելութեան եկած են ուխտավայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.