2014-08-26 08:34:36

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դատապարտած է Իրաքի Եզիտիներուն դէմ գործադրուած բռնութիւնները։


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս զօրակցութեան գիր յղած է համայն եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդ Միրէ Միրա Թահսիմ բէկին՝ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի միջոցով:
«Համայն հայութեան հոգեւոր կենտրոն Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնից մեր ցաւակցութիւններն ենք յղում ձեզ այս օրերին Իրաքում եզդի ազգաբնակչութեան նկատմամբ տեղի ունեցող զանգուածային կոտորածների կապակցութեամբ: Մենք խորապէս անհանգստացած ենք Իրաքի հիւսիսային շրջաններում իրականացուող անմարդկային բռնութիւնների եւ դրանց հետեւանքով բազմաթիւ զոհերի առնչութեամբ», նշուած է վեհափառ հայրապետի գրութեան մէջ:
Խստօրէն դատապարտելով եզիտի ժողովուրդին դէմ կատարուած ջարդերն ու բռնութիւնները՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ բազմադարեան պատմութիւն ունեցող եզիտի ժողովուրդը պիտի տոկայ եւ պիտի յաղթահարէ իրեն դէմ ցցուած այս փորձութիւնը եւս: Գարեգին Բ. կաթողիկոս նաեւ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան ու կազմակերպութիւններուն՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դադրեցնել Իրաքի մէջ եզիտիներուն ջարդերը։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մաղթած է, որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Իրաքի մէջ, եւ Իրաքի աստուածասէր ժողովուրդը շարունակէ իր խաղաղ կեանքը հայրենի օճախներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.