2014-08-25 10:19:09

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Բողոքական Եկեղեցիներու Սիւնհոդոսին առթիւ։


24 – 29 օգոստոս 2014, Իտալիոյ Թորինօ շրջանի Թորրէ Փելլիչէ քաղաքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Բողոքական Եկեղեցիներու (Մէթոտիստ եւ Վալտէզ) Սիւնհոդոսական նիստը։
Այս առթիւ, Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, պատգամ մը յղած է ժողովականներուն, որուն մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութիւնը։
''Ֆրանչիսկոսը կ՛աղօթէ Տէրը որպէսզի բոլոր քրիստոնեաներուն պարգեւէ շնորհքը յառաջանալու դէպի կատարեալ միութիւն ու վկայելու մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը ժամանակակից մարդոց նուիրելով Անոր Աւետարանի լոյսն ու ուժը'' կը կարդանք պատգամին մէջ որուն ընթերցանութիւնը կատարունցաւ, Կիրակի 24 օգոստոսին, Սիւնհոդոսի լիանիստ քումարին բացման առթիւ։
Յայտնենք որ Բողոքական Եկեղեցիներու (Մէթոտիստ եւ Վալտէզ) Սիւնհոդոսական նիստերու գլխաւոր նիւթերէն մին պիտի ըլլայ` ''Եկեղեցիներու առաքելութիւնը ճգնաժամով յատկանշուած` Իտալիոյ եւ Եւրոպայի մէջ''։ Աշխատանքային օրակարգը կը նախատեսէ նաեւ ''երիտասարդներու կազմաւորումը'', ''համամիութիւնը'', ''կրօնական ազատութիւնը Իտալիոյ մէջ'' ինչպէս նաեւ ''Բողոքական Եկեղեցւոյ Վերանորոգումի, 500 ամեակի տօնախմբութիւնները որ պիտի նշուին 2017 թուականին։''








All the contents on this site are copyrighted ©.