2014-08-25 10:47:33

Նեթանիահու կը սպառնայ ''սուղ գին վճարել տալ'' Համասին։


Մինչ իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը, իսկ պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Համաս շարժումը իր գործած ոճիրներուն համար սուղ գին կը վճարէ եւ պիտի շարունակէ վճարել»: Ան Կազայի բնակիչներուն կոչ ուղղեց անմիջապէս հեռանալու Համասի` «ահաբեկչական աշխատանք» տանելու համար օգտագործած բոլոր վայրերէն` շեշտելով. «Կազայի ամէն շրջան, ուրկէ կրակ կ՛արձակուի, թիրախ կը նկատուի»: «Ան որ Իսրայէլի քաղաքացիներուն վրայ կրակ կը բանայ անձեռնմխելիութիւն պիտի չունենայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա բան մըն է, որ բոլոր տարածքներուն եւ բոլոր սահմաններուն վրայ կը գործադրուի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.