2014-08-25 11:45:26

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի ծիսակատարութիւնը։


Վատիկան`
Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնին հաստատեց թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 2015-ի ապրիլ 12-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ` Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի խնդրանքին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի ծիսակատարութիւնը ի յիշատակ հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, միշտ իր մօտիկութիւնը յայտնած է Հայ Ժողովուրդին ողբերգութեան եւ 1915-ի աղէտը յօժարակամ ճանչցած է որպէս ''20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.