2014-08-25 13:13:06

''Ամերիկան Պատրաստ է Իրաքին աջակցելու'' ըսաւ Ճօ Պայտըն։


''Ամերիկա Պատրաստ Է Իրաքին Աջակցելու'' յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ընդգծելով թէ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու Իրաքին` «հաստատելու համար դաշնակցային վարչակարգ մը, որ անոր հողերուն վրայ իշխանութեան ապակեդրոնացում կ՛ապահովէ»:
Պայտըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ իրաքեան նոր կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը յառաջընթաց արձանագրած են։ Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարեց, որ Լոնտոն շուտով պիտի սկսի զէնք ու զինամթերք մատակարարել իրաքցի քիւրտերուն, որոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ։ Մինչ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրետերիքա Մուկերինի նշեց, որ իրաքեան տագնապի լուծման շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար Իրանի մասնակցութիւնը շինիչ եւ կարեւոր է:
Իսկ ինչ կը հայի ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլին գլխատողին ինքնութեան` «Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ բրիտանական «Էմ. Այ. 5» եւ «Էմ.Այ.6» հետախուզական գործակալութեանց մասնագէտները ի յայտ բերած են թէ «հիմնական կասկածեալը» հիփ-հոփ երգիչ Ապտել Մաժիտ Ապտել Պարին է: Կը հաղորդուի, որ երիտասարդը մէկ տարի առաջ ապրած է Լոնտոնի հարաւը գտնուող մէկ միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ առանձնատան մը մէջ:
Իսլամական զինեալներուն մօտ ան ծանօթ է Ժիհատի Ճոն անունով: Լրագրողը սպաննած տղամարդը տեսանիւթին մէջ նոյնպէս ինքզինք Ճոն կոչած է:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ նշեց, որ այն փաստը, որ ամերիկացի լրագրողը գլխատողը կրնայ բրիտանացի ըլլալ, սարսափ կը ներշնչէ: «Ատիկա մեր երկրին, մեր արժէքներուն եւ բրիտանացիներուն պաշտպանած ամէն բանի դաւաճանութիւն է», ընդգծած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.